Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Պու Հապիպի Հետ Քննարկեց Ռուսիա Այցելութեան Արդիւնքները

Նոյեմբեր 25, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց Ռուսիա կատարած անոր պաշտօնական այցելութեան արդիւնքները:

Միւս կողմէ, Պու Հապիպ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ կարեւորը կը մնայ այն, որ ամբողջ աշխարհը եւ մանաւանդ արաբական աշխարհը համոզուին, որ ասիկա Լիբանան է եւ կարելի չէ հոն գտնուող ազատութիւններէն զիջիլ:

«Մենք պէտք է համաձայնութեան հասնինք Լիբանանի չէզոքութեան շուրջ, ինչպէս նաեւ կշռենք մեր օգտագործելիք եզրերը` շրջանին մէջ տիրող գերզգայնութիւններուն պատճառով», ըսաւ ան:

Պու Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանան յարաբերութիւններ ունի Օմանի, Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ: «Մենք Քուէյթի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ գործավարներ ունինք, հետեւաբար յարաբերութիւնները լրիւ խզուած չեն, այլ` կայ թիւրիմացութիւն, որ կարիքը ունի երկխօսութեան եւ ոչ թէ Լիբանանի վրայ պարտադրանքներ զետեղելու: Լիբանանը զգայուն երկիր է եւ անոր նախապայմաններ պարտադրելը դժուար է», յայտնեց ան:

Պու Հապիպ շեշտեց, որ Լիբանանին մէկ երկիր չի կրնար օժանդակել, այլ` երկիրներ: Ան աւելցուց, որ Ռուսիա այն երկիրներէն է, որ շրջանին մէջ ունի դաշնակիցներ, եւ մենք անոնցմէ օժանդակութիւն խնդրեցինք:

«Մոսկուայէն խնդրեցինք օժանդակել` Լիբանանի վրայ բանեցուած ճնշումը մեղմացնելու, որպէսզի կարենանք լուծել ներքին լիբանանեան հարցերը», հաստատեց ան:

Անդրադառնալով Լիբանանի ծովային սահմանագծումին` Պու Հապիպ հաստատեց, որ Ռուսիա այդ թղթածրարին միջամուխ չի դառնար, այլ` Միացեալ Նահանգները: «Ցարդ ոչ մէկ զարգացում արձանագրուած է, իսկ ամերիկացի միջնորդ Ամոս Հոքշթայն ոչ մէկ նոր առաջարկ ներկայացուցած է», ըսաւ ան:

Պու Հապիպ դիտել տուաւ, որ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու առումով արտերկրի լիբանանցիներուն մօտ խանդավառութիւն գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին կառավարութիւնը պիտի վերսկսի գումարել իր նիստերը:

Միւս կողմէ, դասախօսութեան մը ընթացքին Պու Հապիպ հաստատեց, որ Լիբանան դժուարութիւններու մէջ է այն իմաստով, որ Արեւմուտքը կը մերժէ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի քաղաքականութեան պատճառով:

Այս առումով Պու Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանան Ռուսիոյ հետ կը գործակցի տեղահանուածներուն տունդարձը իրականացնելու առումով:

«Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներն ու պաղեստինցի գաղթականները կը կազմեն Լիբանանի բնակչութեան 40 առ հարիւրը: Իրականութիւն մը, որ կը ճնշէ լիբանանեան հասարակութիւնը», ըսաւ ան:

Նշենք նաեւ, որ «Սփութնիք»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պու Հապիպ յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին վերակառուցումը շատ հաւանաբար սկսի յառաջիկայ տարեսկիզբին:

 

 

Նախորդը

Շիա Այցելեց Ռայի Պատրիարքին Եւ Նախարար Սալամի

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Կը Պնդէ, Որ Կեդրոնական Դրամատան Հաշիւներուն Իրաւական Հաշուեքննութիւնը Սկսի

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?