ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1510 վարակուածներ եւ մահացած 9 ուրիշներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 25.000 լ. ոսկիի սահմանը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր` ուրբաթ, 26 նոյեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ապպաս Հաժ Հասան յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ քաղաքական ներկայ իրավիճակը կարիք ունի, որ հնդկական կանեփը ըլլայ առաջնահերթութիւն:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սերպիոյ դեսպան Ամիր Էլֆիքը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները: Սերպիոյ դեսպանը խոստացաւ լիբանանեան բանակին սննդեղէն եւ բժշկական օժանդակութիւն տրամադրել:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի հաստատեց, որ երկիրը փակելու հաւանականութիւնը մեծ է, եթէ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն հիւանդանոցային խնամքի կարիք զգացող վարակուածներուն թիւերը աճ արձանագրեն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Պարըշ Ուլուսոյի, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին ի նպաստ Թուրքիոյ կատարած օժանդակութիւններուն համար: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին տնտեսական տագնապն ու անոր հետեւանքները, յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի եւ Աքքարի մէջ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Չիան Մինճիանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Արսլան հաստատեց, որ շրջանին մէջ Չինաստանի դերակատարութիւնը հիմնական է եւ ազդու: