Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց Ռուսիա կատարած անոր այցելութեան արդիւնքները:
Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ յայտնեց, որ Պըրրիին ներկայացուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ իր ունեցած երկարատեւ հանդիպումին մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի տրամադրած արբանեակային լուսանկարները, որոնք կը վերաբերէին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին:
«Այդ լուսանկարները տակաւին փակ պահարանի մէջ են, եւ երկուշաբթի օր պիտի յանձնուին արդարութեան նախարարին, որ երկրէն դուրս կը գտնուի: Արդարութեան նախարարն է, որ կ՛որոշէ, թէ այդ լուսանկարները ի վերջոյ որո՛ւն պէտք է յանձնէ», ըսաւ ան:
Պու Հապիպ յայտնեց, որ Ռուսիա Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ հաշտեցումի կամ յարաբերութիւնները վերստին բարելաւելու միջնորդութիւն պիտի չկատարէ: