Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 27, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1474 վարակուածներ եւ մահացած 8 ուրիշներ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 25.700 լ. ոսկիի սահմանը` օրուան ընթացքին:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 1600 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 1800 լ. ոսկիով, մազութը` 13.300 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին շիշը` 108.000 լ. ոսկիով:

Այսինքն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 313.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 323.000 լ. ոսկի, մազութը` 334.300 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազի շիշը` 387.300 լ. ոսկի:

ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹ ցրուող ընկերութիւններու ներկայացուցիչ Ֆատի Ապու Շաքրա յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի անորոշութիւն` ընդգծելով, որ շուկայէն պահանջուած պենզինի քանակը 50 առ հարիւրով նուազած է: Ան շեշտեց, որ մօտիկ ապագային մեծ թիւով պենզինի կայարաններ պիտի փակուին, եւ այդպիսով երկրին մէջ նոր տագնապի դուռ պիտի բացուի:

ԴԱՏԱՒՈՐ Ժանեթ Հաննա, որ ուղղակիօրէն առնչուած է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան թղթածրարին, հրաժարած է` քաղաքական ճնշումներու պատճառով: Նշենք, որ դատաւորներ Քարլա Քասսիս եւ Ռուլա Հիւսէյնի դարձեալ հրաժարած են` անձնական պատճառներով, եւ ոչ մէկ առնչութիւն ունին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան թղթածրարին հետ: Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Սուհէյլ Ապպուտ մերժեց երեք դատաւորներուն հրաժարականները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ Լիբանան նուազագոյնը 7-10 տարուան կարիք ունի վերադառնալու համար իր բնականոն իրավիճակին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր կոչ ուղղեց վերսկսելու կառավարութեան աշխատանքին եւ որդեգրելու այնպիսի քայլեր, որոնք կը պաշտպանեն քաղաքացիին կեանքը:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Չիան Մինճիանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Չինաստանի միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Մինճիան հաստատեց, որ պէտք է լուրջ աշխատանք տարուի` Լիբանանը իր դիմագրաւած ելեւմտական եւ տնտեսական տագնապէն դուրս բերելու համար:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ Սահմանադրական խորհուրդը իր պարտականութիւնները կը կատարէ` աւելցնելով, որ Սահմանադրական խորհուրդին ներկայացուած վիճարկումը ոչ մէկ ձեւով կրնայ պատճառ դառնալ երեսփոխանական ընտրութիւնները չեղեալ նկատելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց քանատական զինուորական պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ քանատական բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Քաթար այցելութեան նախապատրաստութիւնները աւարտած են: Նախագահ Աուն յառաջիկայ շաբաթասկիզբին կը մեկնի Քաթար:

 

 

Նախորդը

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւ

Յաջորդը

Միքաթի. «Կառավարութեան Կազմի Փոփոխութեան, Յատկապէս` Արդարութեան Նախարարի Փոփոխութեան Վերաբերող Լուրերը Անճիշդ Են»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?