Ինթըրփոլի նախագահ Էլիաս Մըր կազմակերպութեան 89-րդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին կոչ ուղղեց զօրակցելու Լիբանանին եւ զայն փրկելու քաոսէ ու ապակայունութենէ:
Մըր հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին, ապահովական կառոյցներուն եւ դատական իշխանութիւններուն դիմագրաւած այս աղէտալի պայմաններուն ընթացքին անոնց զօրակցիլը առաջնահերթութիւն է:
«Անձամբ պիտի աշխատիմ այս իմաստով` առաւելագոյն չափով գործակցելով լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ», ըսաւ ան: