Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Զօրակցութիւնը Անբաւարար Է Լուծելու Լիբանանի Դիմագրաւած Տագնապները

November 27, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ նախանցեալ օր Լիբանանի հարցերը քննարկած եւ լիբանանեան տագնապներուն լուծման անհրաժեշտութիւնը շեշտած Ֆրանչիսկոս պապը երէկ Վատիկանի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, որուն հետ դարձեալ քննարկեց Լիբանանի հարցն ու Փարիզի յանձնառութիւնները` Լիբանանի, Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ ներկայացուցիչ Միխայէլ Պոկտանով ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ Ժորժ Շաապանը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ներքին լիբանանեան իրադարձութիւններն ու ընկերային-տնտեսական տագնապները, որոնց լուծման մասին Շաապան Պոկտանովին ներկայացուց Հարիրիի պատկերացումները եւ անոր կողմէ յարմար նկատուած լուծման միջոցները:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս հանդիպումին մասին հրապարակած իր հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ, թէ Մոսկուա կը զօրակցի լիբանանցիներուն` ներկայ դժուար պայմաններուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ նեցուկ կը կանգնի Լիբանանի գերիշխանութեան, բազմազանութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ անկախութեան եւ հողային ամբողջականութեան պաշտպանութեան:

Պէտք է հաստատել սակայն, որ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած միջազգային զօրակցութիւնը անբաւարար է լուծելու երկրին դիմագրաւած տագնապները, որոնք հետզհետէ կը բարդանան:

Այս շրջագիծին մէջ երկրագործութեան նախարար Ապպաս Հաժ Հասան հնչեցուց կեցուածք մը, որուն համաձայն, յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կառավարութեան ժողովները վերստին գումարելու կարելիութիւն չկայ, որովհետեւ հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը երկրէն դուրս պիտի ըլլան:

«Նախարարաց խորհուրդի նիստերուն վերադարձը կախեալ է հիմնական երեք հարցերէ` դատաւոր Թարեք Պիթարի, Թայյունէի ոճիրի հետաքննութիւններու եւ արաբ եղբայրներուն հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու թղթածրարներէն», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ լիբանանեան ներքին քաղաքական տագնապը սուր է եւ զուտ լիբանանեան է, հետեւաբար պէտք է զայն լուծել ներքին կարգով:

Հաժ Հասան ընդգծեց, որ կառավարութեան աշխատանքը խանգարողը ան է, որ նեղ դիտանկիւնով կը տեսնէ հարցերը եւ կը փորձէ նախկինին նման մաս առ մաս լուծել զանոնք: «Պէտք է կողմնացոյցը ուղղել եւ համոզուիլ, որ երկիր մը չի կրնար իր ընթացքը շարունակել կողմնակալ դատական իշխանութիւններով», ըսաւ ան:

Ան աւելցուց, որ ինք մօտիկ ապագային պիտի ձեռնարկէ արաբական երկիրներու շրջապտոյտի մը` հաստատելով, որ ինք կը փափաքի այցելել նաեւ Սէուտական Արաբիա եւ Ծոցի երկիրներ:

«Մենք ոչ ոքի դիմաց արտածումի դռները կը փակենք եւ կը մաղթենք, որ մեր դիմաց փակուած դռները վերաբացուին», ըսաւ Հաժ Հասան:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Շնորհաւորագիր Մը Ստացաւ Ֆրանչիսկոս Պապէն

Յաջորդը

Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Ապօրինաբար Դատել Հայ Գերիները. Քրէական Գործով Նիւթերը Ուղարկուած Են Դատարան

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.