Լիբանանեան

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1892 վարակուածներ եւ մահացած 10 ուրիշներ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 24.000 լ. ոսկիի սահմանը: ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ամին Շըրրին, որուն հետ քննարկեց Քաղաքացիական պաշտպանութեան կամաւորներուն վերաբերող հարցեր: Մաուլաուիի այցելեց նաեւ Ժողովրդավարական...

Պըրրի Քումարճահի Հետ Քննարկեց  Հատուցման Քարտը Ֆինանսաւորելու  Մանրամասնութիւնները

Պըրրի Քումարճահի Հետ Քննարկեց Հատուցման Քարտը Ֆինանսաւորելու Մանրամասնութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան Արեւելքի տնօրէն Սարուժ Քումարճահը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամատան գործադրելիք ծրագիրները, որոնց շարքին` հատուցման քարտի ֆինանսաւորումը: Հանդիպումէն ետք Քումարճահ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ արծարծած են Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամատան գործադրելիք ծրագիրները, յատկապէս` տնտեսական մարզին եւ ընկերային ապահովութեան վերաբերող ծրագիրները: Քումարճահ...

Վրոնեցքա, Լաքրուա Եւ Տել Քոլ  Ապահովութեան  Խորհուրդը Տեղեակ Պահեցին  Լիբանանի Կացութեան Մասին

Վրոնեցքա, Լաքրուա Եւ Տել Քոլ Ապահովութեան Խորհուրդը Տեղեակ Պահեցին Լիբանանի Կացութեան Մասին

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա, խաղաղապահ գործողութիւններու Կութիերեսի ներկայացուցիչ Ժան Փիեռ Լաքրուա եւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը տեղեակ պահեցին թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան մասին: Վրոնեցքա դիտել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութիւնը դրական զարգացում կը նկատուի, սակայն ցաւ...

Պայրամ. «Սեփական Մարզի Պաշտօնէութեան  Փոխադրածախսի Վաւերացումը Կառավարութեան  Ժողովի Կարիք Պիտի Չունենայ»

Պայրամ. «Սեփական Մարզի Պաշտօնէութեան Փոխադրածախսի Վաւերացումը Կառավարութեան Ժողովի Կարիք Պիտի Չունենայ»

Աշխատանքի նախարար Մուսթաֆա Պայրամ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբի Դ. ժողովին, որուն ընթացքին քննարկուեցան սեփական մարզի պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձը սրբագրելու կարելիութիւնները: Ժողովին ներկայ գտնուեցան Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար, փոխնախագահ Հասան Ֆաքիհ, Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմաս, Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան փոխնախագահ Զիատ Պաքտաշ, Պէյրութի առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի պալատներու փոխնախագահ Նապիլ Ֆահըտ, ինչպէս...

Պու Հապիպ. «Կը Մաղթենք, Որ Շարունակէք  Օժանդակել Լիբանանին` Անոր Դիմագրաւած  Դժուար Պայմաններուն Ընթացքին»

Պու Հապիպ. «Կը Մաղթենք, Որ Շարունակէք Օժանդակել Լիբանանին` Անոր Դիմագրաւած Դժուար Պայմաններուն Ընթացքին»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցող Միութիւն ի խնդիր Միջերկրականի շրջանային Զ. ֆորումին ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը: Ան շեշտեց Միջերկրականի հիւսիսային եւ հարաւային շրջաններու երկիրներուն միջեւ համարկումը ամրապնդելու կարեւորութիւնը: Պու Հապիպ հաստատեց, որ այդ համարկումը պէտք է ներառէ բոլոր մարզերը: Պու Հապիպ մաղթեց, որ ֆորումին մասնակից երկիրները շարունակեն օժանդակել Լիբանանին` անոր դիմագրաւած...

Պու Նասեր. «Լիբանանի Օժանդակութեան  Եւ Զօրակցութեան Առումով Ծոցի  Երկիրները Ունին Ակներեւ Պատմութիւն»

Պու Նասեր. «Լիբանանի Օժանդակութեան Եւ Զօրակցութեան Առումով Ծոցի Երկիրները Ունին Ակներեւ Պատմութիւն»

Ռուսիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Շաուքի Պու Նասեր Մոսկուայի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ազգային տօնին, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 50-ամեակին առիթով տեղի ունեցած տօնակատարութեան ընթացքին ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն մէջ հաստատեց, որ լիբանանցիները բարձր կը գնահատեն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն զօրակցութիւնը Լիբանանին: «Պէտք չէ մոռնալ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ կ՛ապրին ու կ՛աշխատին հարիւր հազարաւոր...

«Լիբանանցի Պատասխանատուներուն Եւ Իսլամ Հոգեւոր Պետերուն Հետ Պիտի Կապուիմ` Հետեւելու Վատիկանի Հանդիպումին Արդիւնքներուն Գործադրութեան»   Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանցիները Ծունկի Բերելու Միտումներ Կան»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ըստ երեւոյթին լիբանանցիները ծունկի բերելու միտումներ կան, որպէսզի անոնք ամէն հարցով համաձայնութիւն յայտնեն: «Կը գտնուինք ժողովուրդը սովի ենթարկելու եւ զայն հակակշիռի տակ առնելու քայլերու դիմաց», ըսաւ ան: Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց գումարելու միջազգային խորհրդաժողով մը` օժանդակելու համար լիբանանցիներուն, որպէսզի անոնք կարենան իրենց դիմագրաւած հարցերը քննարկել եւ անոնց վերջնական լուծումներ ապահովել:...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1618 վարակուածներ եւ մահացած 9 ուրիշներ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 24.800 լ. ոսկիի սահմանը: ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ապու Տապիի գահաժառանգ իշխան շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտ Ալ Նահիանի հետ: Քննարկուեցան պատրիարքութեան...

Նախագահ Աուն. «Ներկայ Փուլը Կ՛ենթադրէ,  Որ Արաբական Երկիրները Լիբանանի Կողքին  Կանգնին` Շրջանցելով Միջպետական  Յարաբերութիւններուն Սպառնացող Որեւէ Հարց»

Նախագահ Աուն. «Ներկայ Փուլը Կ՛ենթադրէ, Որ Արաբական Երկիրները Լիբանանի Կողքին Կանգնին` Շրջանցելով Միջպետական Յարաբերութիւններուն Սպառնացող Որեւէ Հարց»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ մեկնեցաւ Քաթար, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին հետ: Նախագահ Աունի եւ Թամիմ իշխանին միջեւ դռնփակ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-քաթարեան յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը հզօրացնելու կարելիութիւնները: Դռնփակ հանդիպումին յաջորդեց ընդարձակ հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցան լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ քաթարեան պետական անձնաւորութիւններէ բաղկացած...

Պըրրի Միքաթիի Հետ Քննարկեց  Վատիկան Այցելութեան Արդիւնքները

Պըրրի Միքաթիի Հետ Քննարկեց Վատիկան Այցելութեան Արդիւնքները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Վատիկան այցելութեան եւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ անոր ունեցած հանդիպումին արդիւնքները: Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Միքաթի մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան. հանդիպումին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները: Արսլան զօրակցութիւն յայտնեց երկրին քաղաքական հարցերը լուծելու իմաստով Պըրրիի...

«Ցասումի Օր» Մը, Որ Համեմատաբար  Խաղաղ Էր Եւ Գրեթէ Սովորական

«Ցասումի Օր» Մը, Որ Համեմատաբար Խաղաղ Էր Եւ Գրեթէ Սովորական

Քաղաքացիական շարժումին կողմէ նախանցեալ երեկոյեան աւելի լուրջ թափով ուղղուած կոչերը` երկուշաբթին վերածելու «ցասումի օրուան» եւ կեդրոնանալու մայրաքաղաքի ճամբաները փակելով, հաւանաբար մղեցին, որ Պէյրութի մէջ գործող դպրոցներու պարագային տնօրէններ մտածեն վարժարանները փակելու մասին: Սակայն գետնի վրայ փոքրաթիւ գործիչներ եւ իւրաքանչիւր շրջանի մէջ քանի մը տասնեակ երիտասարդներ փորձեցին փակել ճամբաները եւ ցասումի մթնոլորտ ստեղծել` առանց հասնելու իրենց նպատակին, որն էր բազմամարդ ցոյցերու...

Պու Հապիպ Հանդիպումներ Ունեցաւ Ռումանացի  Եւ Յորդանանցի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ

Պու Հապիպ Հանդիպումներ Ունեցաւ Ռումանացի Եւ Յորդանանցի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ մեկնեցաւ Պարսելոնա, ուր տեղի պիտի ունենայ «Միութիւն ի խնդիր Միջերկրականի» շրջանային ֆորումը: Ֆորումին կայացման զուգահեռ Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պոկտան Օրեսքոյի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային տարբեր թղթածրարները բարեկարգելու ձեւերը, որոնց շարքին նաեւ արտագաղթն ու տեղահանութիւնը: Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ յորդանանցի...

Միքաթի. «Ամէն Ջանք Ի Գործ Կը Դրուի  Ընկերային Օժանդակութիւնը Սովորական  Հրամանագիրի Ճամբով Գործադրել»

Միքաթի. «Ամէն Ջանք Ի Գործ Կը Դրուի Ընկերային Օժանդակութիւնը Սովորական Հրամանագիրի Ճամբով Գործադրել»

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները վարող լիբանանեան պատուիրակութեան ժողովին: Ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ Սաատէ Շամի, ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Սալամէ եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ: Միւս կողմէ, Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ 18 նոյեմբերին վարչապետը յայտարարեց, թէ պետական մարզի պաշտօնէութիւնը նոյեմբեր եւ դեկտեմբեր ամիսներուն համար յաւելեալ կէս ամսական աշխատավարձ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 518 վարակուածներ եւ մահացած 7 ուրիշներ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 24.750 լ. ոսկիի սահմանը: ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը: ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ նախորդ 4 ամիսներուն ընթացքին...

Կառավարութիւնը Իր Ժողովները Վերստին  Գումարելու Դժուարութեան Դիմաց Կը Գտնուի

Կառավարութիւնը Իր Ժողովները Վերստին Գումարելու Դժուարութեան Դիմաց Կը Գտնուի

Թէեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրած իր գրառումին մէջ հաստատեց, որ Ֆրանչիսկոս պապին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի բարի կամեցողութեան շնորհիւ Լիբանան պիտի յաջողի դուրս գալ իր դիմագրաւած տագնապներէն, սակայն գոյութիւն ունեցող քաղաքական բոլոր ցուցանիշները կը հաստատեն, որ կառավարութիւնը իր ժողովները վերստին գումարելու դժուարութեան դիմաց կը գտնուի: Կառավարութեան ժողովները սառեցուցած հիմնական պատճառները կը յամենան, ըլլան անոնք Պէյրութի նաւահանգիստի...

Պաղեստինցի Ժողովուրդին Զօրակցութեան  Միջազգային Օրուան Առիթով.   «Թող Միջազգային Ընտանիքը Աշխատի  Պաղեստինցիներու Տառապանքին  Վերջ Տալու Ուղղութեամբ»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

Պաղեստինցի Ժողովուրդին Զօրակցութեան Միջազգային Օրուան Առիթով. «Թող Միջազգային Ընտանիքը Աշխատի Պաղեստինցիներու Տառապանքին Վերջ Տալու Ուղղութեամբ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Պաղեստինցի ժողովուրդին զօրակցութեան միջազգային օրուան առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նամակ մը յղեց Պաղեստինի ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման ՄԱԿ-ի յանձնաժողովին` կոչ ուղղելով միջազգային ընտանիքին աշխատելու` պաղեստինցիներու տառապանքին վերջ տալու ուղղութեամբ: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ անհրաժեշտ է իրաւունքը վերադարձնել իրաւատիրոջ, ինչպէս նաեւ արդար եւ ամբողջական խաղաղութիւն իրականացնել` հիմնուելով ՄԱԿ-ի որոշումներուն եւ Արաբական նախաձեռնութեան սկզբունքներուն վրայ: Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց պաղեստինցի...

Ժոմպլաթ. «Ինչո՞ւ Բարեկարգումները  Կը Բացակային, Եւ Ինչո՞ւ Ոչինչ  Կը Լսենք Հատուցման Քարտին Մասին»

Ժոմպլաթ. «Ինչո՞ւ Բարեկարգումները Կը Բացակային, Եւ Ինչո՞ւ Ոչինչ Կը Լսենք Հատուցման Քարտին Մասին»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ` ընկերակցութեամբ իր զաւկին` Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի, շաբաթավերջին Իքլիմ Խարրուպի մէջ ներկայ գտնուեցաւ ժողովրդային ընդարձակ հանդիպումի մը: Հանդիպումին ընթացքին Ժոմպլաթ անդրադարձաւ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու եւ պատուաստումի անհրաժեշտութեան: Ժոմպլաթ հարց տուաւ երկրին մէջ բարեկարգումներու չգործադրուելուն եւ ելեկտրականութեան մարզին բարելաւում չարձանագրելուն պատճառներուն մասին, ինչպէս նաեւ հարց տուաւ հատուցման քարտին մասին: «Ինչո՞ւ հատուցման...

Պասիլ. «Լիբանանին Իշխող Քաղաքական  Վարչակազմը Կը Քայքայուի,  Իսկ Ելեւմտականը` Տակաւին Կանգուն Է»

Պասիլ. «Լիբանանին Իշխող Քաղաքական Վարչակազմը Կը Քայքայուի, Իսկ Ելեւմտականը` Տակաւին Կանգուն Է»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Քֆարտըպիանի Անկախութեան այգիէն երէկ յայտնեց, թէ իր կուսակցութիւնը իբրեւ անկախական հոսանք` դաստիարակուած է անկախութեան գաղափարով եւ մեծ զոհողութիւններ կատարած ի խնդիր այդ անկախութեան կերտումին: «Սակայն աւելի ուշ բացայայտեցինք, որ այդ անկախութեան պահպանումը ամէնէն դժուար աշխատանքն է», ըսաւ ան: Պասիլ յայտնեց, որ ներկայիս երկրին անկախութեան կը սպառնան շարք մը հարցեր, որոնցմէ առաջինն է...

Մաուլաուի Քննարկեց  Աշխատաւորներուն Տառապանքները

Մաուլաուի Քննարկեց Աշխատաւորներուն Տառապանքները

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի շաբաթավերջին ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը, որուն ընկերակցեցաւ աշխատաւորական սենտիքաները ներկայացնող պատասխանատուներու պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան աշխատաւորներուն պահանջներն ու իրաւունքները: Հանդիպումէն ետք Ասմար յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարարին ներկայացուցած են լիբանանցի աշխատաւորներուն եւ պաշտօնեաներուն դիմագրաւած ծանր ու վատ պայմանները, յատկապէս քաղաքապետարաններուն եւ երթեւեկի կազմակերպման մարզի պաշտօնեաներուն աշխատանքը: Ասմար ընդգծեց,...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը Հըզպալլան  Կը Նկատէ Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հըզպալլան Կը Նկատէ Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը անցեալ շաբաթավերջին ողջունեց Աւստրալիոյ կողմէ Հըզպալլան` իր քաղաքական եւ զինուորական թեւերով, ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատելու որոշումը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս հաստատեց, որ Հըզպալլայի քաղաքական թեւը զինուորական անջատ կառոյց նկատելը սխալ մըն է, որ գործուած է, եւ պէտք է վերջ տալ այդ սխալին: Ան հաստատեց, որ Հըզպալլա ահաբեկչական վտանգաւոր կազմակերպութիւն մըն է, որ...

Page 375 of 988 1 … 374 375 376 … 988

Արխիւներ