ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1099 վարակուածներ եւ մահացած 10 ուրիշներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 24.500 լ. ոսկիի սահմանը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, ինչպէս նաեւ վարչական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 1 դեկտեմբերին:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա վաղը` ուրբաթ, 26 նոյեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 311.400 լ. ոսկի է, 98 օքթան պենզինը` 321.200 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազին շիշը` 276.500 լ. ոսկի:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններու նախապատրաստութիւններուն վերաբերող գումակային եւ վարչական հարցեր:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Մոհամետ Մուրթատա նշեց, որ ոմանք կը փորձեն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին թղթածրարը վերածել համայնքային բնազդներ գրգռող միջոցի մը: «Կը հաստատենք, որ այս փորձը կատարող կողմերը յուսախաբ դուրս պիտի գան», ըսաւ ան:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ ներկայիս երկրին առողջապահական կացութիւնը մտահոգիչ է, իսկ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն համեմատութիւնը 8 առ հարիւրի սահմանները անցած է: Արաժի ընդգծեց նաեւ, որ լիբանանցիներուն 60 առ հարիւրը չի կրնար հիւանդանոց մուտք գործել, նոյնիսկ եթէ ապահովագրութիւն ունի:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի վերջին բարեփոխումին դէմ իր ներկայացուցած վիճարկումին հարցով համախմբումը յանձնառու պիտի մնայ Սահմանադրական խորհուրդին տալիք վճիռին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Օսէյրան յայտնեց, որ Լիբանան հսկայական կորուստներ ունեցած է եւ տուժած` իսրայէլեան ներխուժումներուն եւ յարձակումներուն պատճառով, հետեւաբար Լիբանան իրաւունք ունի աւելի քան 800 միլիոն տոլարի հատուցման:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Ֆիրաս Ապիատ կրնայ յաջող բժիշկ մը ըլլալ, սակայն ան հաստատ ձախող նախարար է, «հետեւաբար կը պահանջենք անոր հրաժարականը», ըսաւ ան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Հունգարիոյ բանակին փոխհրամանատար Զոլթ Սենտըրը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հունգարիոյ դեսպանատան պաշտօնակատար Ռիթա Հերեքսարի եւ զինուորական կցորդ Ճոսեֆ Կուլիասի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան զոյգ բանակներուն միջեւ փոխադարձ յարաբերութիւններն ու գործակցութեան հեռանկարները:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ կը տիրէ զգուշաւոր լաւատեսութիւն մը` կառավարութեան նիստերը վերստին գումարելու առումով: