Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի միջնորդ Ամոս Հոքշթայն մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Լիբանան` փոխանցելու համար իսրայէլեան կեցուածք մը:
Վստահելի աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ Հոքշթայն կրցած է իսրայէլեան կեցուածքին մէջ բեկում մը յառաջացնել:
Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ Իսրայէլ ու Միացեալ Նահանգներ կ՛աճապարեն եւ կը փափաքին մարտ ամիսէն առաջ համաձայնութեան մը յանգիլ` նկատի ունենալով, որ մարտ ամսուան ընթացքին իսրայէլեան կողմը Քարիշի նաւթահորերու պեղման աշխատանքին պիտի սկսի: «Հետեւաբար անոնք կը փափաքին, որ պեղման աշխատանքները ոչ մէկ վտանգի ենթարկուին», նշեցին աղբիւրները:
Կը նախատեսուի նաեւ, որ իսրայէլացիները համաձայն գտնուած ըլլան Լիբանանին ամբողջութեամբ նաւթահոր մը զիջելու` Քարիշը ամբողջութեամբ ստանձնելու փոխարէն: