Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Ալլաուին  Եւ Շարունակեց Քննարկել Լիբանանի Կառավարութեան  Տագնապին Լուծման Վերաբերող Հարցեր

Նախագահ Աուն Ընդունեց Ալլաուին Եւ Շարունակեց Քննարկել Լիբանանի Կառավարութեան Տագնապին Լուծման Վերաբերող Հարցեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Իրաքի նախկին վարչապետ Իյատ Ալլաուին` ներկայութեամբ նախկին նախարար Նիքոլա Թուէյնիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ իրաքեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Ազգային երկխօսութիւն, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներու ապագային մասին խորհրդաժողով մը կազմակերպելու կարելիութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ալլաուի շեշտեց, որ կոչ ուղղած է Լիբանանի մէջ Ազգային...

Ամերիկացի Քոնկրեսականներու  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանան

Ամերիկացի Քոնկրեսականներու Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանան

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներու պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Տերիլ Իսա, Տարին Լահուտ եւ Լիբանանի օժանդակութեան (Թասք ֆորս ֆոր Լեպանոն) խմբաւորումի նախագահ Էտ Կապրիէլ, այցելեց Լիբանան, ուր անոնք, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, հանդիպումներ ունեցան իշխանութեան պետերուն եւ պետական անձնաւորութիւններու հետ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պատուիրակութեան հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան սկսած է տնտեսական իր տագնապէն...

Պըրրի Ռուտաքովի Հետ Քննարկեց  Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Պըրրի Ռուտաքովի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի եւ Ռուսիոյ խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները: Պըրրի ողջունեց Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ գործակցութիւնը, յատկապէս` օրէնսդրական մարզին մէջ: Ան հաստատեց, որ այցելութիւնը առիթ մըն էր` քննարկելու համար ընդհանուր իրադարձութիւնները, յատկապէս`...

Յուլիս Ամսուան Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 11,42 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրեցին

Հոկտեմբեր Ամսուան Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 16,42 Առ Հարիւր Աճ Արձանագրեցին

Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հոկտեմբեր ամսուան իր տեղեկագիրը, որուն մէջ հաստատեց, որ 2021-ի հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին սպառողական ապրանքներու սակերը 16,42 առ հարիւրի աճ արձանագրած են` բաղդատած 2021-ի սեպտեմբեր ամսուան սակերուն: Իւրաքանչիւր նահանգի պարագային արձանագրուած սղաճի համեմատութիւնը կը ներկայացուի հետեւեալ պատկերով. - Պէյրութի մէջ` 14,61 առ հարիւր: - Լեռնալիբանանի մէջ` 14,55 առ հարիւր: - Հիւսիսային Լիբանանի մէջ` 18,50 առ...

Քանաան. «Կառավարութեան Հարցապնդման Նիստ  Պիտի Պահանջեմ, Եթէ Դրամատնային  Գումարները 3900-ի Սակով Վճարելու Հարցին  Նկատմամբ Լրջութիւն Չցուցաբերուի»

Քանաան. «Կառավարութեան Հարցապնդման Նիստ Պիտի Պահանջեմ, Եթէ Դրամատնային Գումարները 3900-ի Սակով Վճարելու Հարցին Նկատմամբ Լրջութիւն Չցուցաբերուի»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց յանձնախումբի նիստին` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլի: Նիստին ընթացքին ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ ներկայացուեցաւ պետական գանձարկղին նիւթական եկամուտը, ինչպէս նաեւ սերտուեցաւ մէկ տարուան համար պետական մարզի պաշտօնէութեան ընկերային օժանդակութիւն տրամադրելու կարելիութիւնը: Նիստէն ետք Քանաան շեշտեց, որ պետական մարզի պաշտօնէութեան ընկերային օժանդակութիւն տրամադրելու առաջարկը երկու ամիսով առկախուած...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 482 վարակուածներ եւ մահացած 11 ուրիշներ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 23.800 լ. ոսկիի սահմանը: ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նասեր Եասին շեշտեց, որ աղբահանումի մնայուն եւ արմատական լուծումներ գտնելու իմաստով աշխատանքը ընթացքի մէջ է: ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ապպաս Հաժ Հասան հաստատեց, որ հնդկական կանեփի ցանքը տնտեսութեան...

Լիբանանի Անկախութեան 78-Ամեակ.   Նախագահ Աուն. «Նախագահական Նստաշրջանիս  Վերջին Տարուան Ընթացքին Պիտի Հունաւորեմ  Բարեկարգումները` Հասնելով Մինչեւ  Տնտեսական Տագնապին Լուծման»

Լիբանանի Անկախութեան 78-Ամեակ. Նախագահ Աուն. «Նախագահական Նստաշրջանիս Վերջին Տարուան Ընթացքին Պիտի Հունաւորեմ Բարեկարգումները` Հասնելով Մինչեւ Տնտեսական Տագնապին Լուծման»

Մինչ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու նպատակով արձանագրուող արտերկրի լիբանանցիներուն թիւը հասաւ 244.422-ի, Լիբանան խորհրդանշական կերպով նշեց իր Անկախութեան տօնը: Լիբանանի անկախութեան 78-ամեակին առիթով, երէկ բանակի հրամանատարութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ զինուորական խորհրդանշական տողանցք մը, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի: Պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած անկախութեան պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան...

«Պէտք Է Ամրապնդենք «Ներքին Թշնամիներ Չկան, Եւ Հայրենիքը Բոլորին Է» Տարազը»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Պէտք Է Ամրապնդենք «Ներքին Թշնամիներ Չկան, Եւ Հայրենիքը Բոլորին Է» Տարազը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Լիբանանի անկախութեան 78-ամեակին առիթով, Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց հետեւեալ գրառումը. «Անկախութեան տօնը այս տարի կը զուգադիպի քաղաքական, ապրուստի եւ գոյութենական տագնապներուն, որոնք Լիբանանի պատմութեան մէջ ամէնէն վտանգաւորը կը նկատուին: Այս առիթով մեր գրաւը կը դնենք ազգային համագործակցութեան ոգիին, ինչպէս նաեւ գոյատեւելու եւ համբերելու կարողութեան վրայ, որպէսզի կարենանք շրջանցել...

Մոսկուայի Մէջ.  «Եթէ Սէուտական Արաբիա Հրաւիրուիմ,  Ուղղակի Հոն Պիտի Մեկնիմ, Իսկ Հըզպալլայի  Զինեալ Թեւը Շրջանային Խնդիր Է»  Շեշտեց Պու Հապիպ

Մոսկուայի Մէջ. «Եթէ Սէուտական Արաբիա Հրաւիրուիմ, Ուղղակի Հոն Պիտի Մեկնիմ, Իսկ Հըզպալլայի Զինեալ Թեւը Շրջանային Խնդիր Է» Շեշտեց Պու Հապիպ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ այցելեց Մոսկուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ իր ռուս  պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի գործադրելիք կարեւորագոյն բարեկարգումները: Շուրջ երեքուկէս ժամ տեւած հանդիպումը շարունակուեցաւ նաեւ ի պատիւ Պու Հապիպի սարքուած ճաշկերոյթի մը...

Նատեր Գասպար` Իրաւաբաններու  Սենտիքայի Նախագահ

Նատեր Գասպար` Իրաւաբաններու Սենտիքայի Նախագահ

Անցեալ կիրակի օր տեղի ունեցան Պէյրութի Իրաւաբաններու սենտիքայի ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին յաջողութիւն արձանագրեցին 9 իրաւաբաններ` Իմատ Մարթինոս, Նատեր Գասպար, Էլիաս Պազըրլի, Ապտօ Լահուտ, Իսքանտար Նաժժար, Ֆատի Մասրի, Մարուան Ժապըր, Նեժիպ Մասաատ եւ Մայա Զաարինի: Իրաւաբաններու Պէյրութի սենտիքայի նոր նախագահն է Նատեր Գասպար: Այս առիթով Գասպար նշեց, որ իրաւաբանին անձեռնմխելիութիւնը, ջանքերը, ապրուստը, գումարները եւ դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումար ունեցող բոլոր...

Ֆայեզ Ղոսըն Ոչ Եւս Է

Ֆայեզ Ղոսըն Ոչ Եւս Է

Մարատա հոսանքի երեսփոխան Ֆայեզ Ղոսըն երէկ մահացաւ 71 տարեկան հասակին: Ղոսըն ծնած է Քոսպա, 28 յունիս 1950-ին: Առաջին անգամ երեսփոխան ընտրուած է 1992-ին` 1992-1996 խորհրդարանական նստաշրջանին համար, եւ վերընտրուած է 1996-ին` 1996-2000 խորհրդարանական նստաշրջանին համար: 2006-էն ի վեր ան Մարատա հոսանքի փոխնախագահի պաշտօնը կը վարէ: Ղոսընի մահը գուժեց Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն, որ հաստատեց, թէ ամբողջ կեանքին ընթացքին Ղոսըն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 556 վարակուածներ եւ մահացած 10 ուրիշներ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 23.500 լ. ոսկիի սահմանը: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ անկախութիւնը անկարելի է, որ գոյակցի այլ երկրի մը հաւատարիմ մնալու յանձնառութեան հետ: ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ հաստատեց, որ երկիր...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Լիբանանի անկախութեան 78-ամեակին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 22 նոյեմբեր 2021-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 23 նոյեմբեր 2021-ին:      

Հանդիպում Լիբանանահայերու Հետ

Հանդիպում Լիբանանահայերու Հետ

ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ կը հրաւիրէ լիբանանահայ հայրենակիցները հանդիպումի մը՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական Երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ , երեսփոխան ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻԻ հետ: Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 20 նոյեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Էլիտ Փլազա Պիզնես» կեդրոնին մէջ, 15 Մովսէս Խորենացի փողոց- Երեւան:

Միքաթի. «Նախագահ Աունին Յայտնեցի,  Թէ Մօտիկ Ապագային Կառավարութիւնը  Նիստի Պիտի Հրաւիրեմ»

Միքաթի. «Նախագահ Աունին Յայտնեցի, Թէ Մօտիկ Ապագային Կառավարութիւնը Նիստի Պիտի Հրաւիրեմ»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` արձանագրուած վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ: Նախագահն ու վարչապետը քննարկեցին նաեւ նախարարական յանձնախումբերուն գումարած նիստերուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ կատարուած նախապատրաստական աշխատանքը, որ պիտի ներկայացուի կառավարութեան յաջորդ նիստին ընթացքին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարելաւելու իմաստով...

Նախագահ Աուն. «Պիտի Չվհատինք  Եւ Աւելի Հզօր Դուրս Պիտի Գանք».   Պայտըն Կը Շնորհաւորէ Նախագահ Աունը

Նախագահ Աուն. «Պիտի Չվհատինք Եւ Աւելի Հզօր Դուրս Պիտի Գանք». Պայտըն Կը Շնորհաւորէ Նախագահ Աունը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շեշտեց, որ ինք պիտի շարունակէ աշխատանքը` հասնելու համար իր ճշդած նպատակներուն, որոնցմէ հիմնականն է Լիբանանի փրկութիւնը զանազան դժուարութիւններէ, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած բարդ պայմաններէն: Ան յոյս յայտնեց, որ նախագահական իր նստաշրջանի վերջին տարին ըլլայ իսկական զարթօնքի տարի մը եւ երկրին ապաքինման սկիզբ մը: «Երկրին մէջ տիրող պայմանները պատճառ դարձան, որ Անկախութեան տօնին ուրախութիւնը վերանայ:...

Զօր. Աունի Օրուան Հրահանգը`  Անկախութեան Տօնին Առիթով

Զօր. Աունի Օրուան Հրահանգը` Անկախութեան Տօնին Առիթով

Լիբանանի անկախութեան 78-ամեակին առիթով, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ լիբանանեան բանակին ուղղեց օրուան հրահանգը, որուն մէջ հաստատեց, որ ազգային, քաղաքական, տնտեսական եւ ապրուստի ստեղծած մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն բարդացումին զուգահեռ` անկախութեան տօնը այս տարի ծանրաբեռնուած է ներկայ պայմաններուն ցաւերով եւ զանոնք շրջանցելու յոյսերով, որպէսզի Լիբանան իր բնականոն իրավիճակին վերադառնայ: «Բանակին նկատմամբ լիբանանցիներուն եւ միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը` քաղաքացիական անվտանգութիւնը երաշխաւորելու եւ...

Պըրրի. «Դրամատուներուն Մէջ Պահ Դրուած  Գումարներ Ունեցող Քաղաքացիներու  Իրաւունքներուն Տէր Պէտք Է Կանգնիլ»

Պըրրի. «Դրամատուներուն Մէջ Պահ Դրուած Գումարներ Ունեցող Քաղաքացիներու Իրաւունքներուն Տէր Պէտք Է Կանգնիլ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլը, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական ու ելեւմտական իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի ընդգծեց, որ դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումարներ ունեցող քաղաքացիներու իրաւունքներուն տէր պէտք է կանգնիլ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանը պէտք է յանձնառու մնայ մշակելու օրինագիծեր, որոնք կ՛երաշխաւորեն այդ իրաւունքները: Պըրրի ընդունեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան Ա. փոխկառավարիչ Ուասիմ Մանսուրին,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1175 վարակուածներ եւ մահացած 9 ուրիշներ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 23.150 լ. ոսկիի սահմանը: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց 19 դեկտեմբեր 2021-ին ՄԱԿ-ի...

«1 Նոյեմբերէն Սկսեալ Պետական Մարզի Պաշտօնէութեան  Յաւելեալ Կէս Ամսական Պիտի Տրամադրուի`  Իբրեւ Ընկերային Օժանդակութիւն»  Շեշտեց Միքաթի

«1 Նոյեմբերէն Սկսեալ Պետական Մարզի Պաշտօնէութեան Յաւելեալ Կէս Ամսական Պիտի Տրամադրուի` Իբրեւ Ընկերային Օժանդակութիւն» Շեշտեց Միքաթի

Ի տես երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային ահռելի պայմաններուն, նախարարաց խորհուրդի տնտեսական եւ ելեւմտական հարցերու նախարարական յանձնախումբը երէկ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նիստէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ 1 նոյեմբերէն սկսեալ պետական մարզի պաշտօնէութեան յաւելեալ կէս ամսական պիտի տրամադրուի` իբրեւ ընկերային օժանդակութիւն: Վարչապետը յայտնեց, որ նախքան տօնական օրերը կատարուելիք այս վճարումները պէտք չէ ըլլան նուազ քան մէկուկէս միլիոն...

Page 377 of 988 1 … 376 377 378 … 988

Արխիւներ