ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1319 վարակուածներ եւ մահացած 8 ուրիշներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 24.725 լ. ոսկիի սահմանը:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը զգուշացուց երեսփոխանական ընտրութիւնները անտրամաբանական պատճառաբանութիւններով յետաձգելէ: Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ խստիւ մերժելի է կառավարութիւնը այս կամ այն քաղաքական ուժին պատանդը պահել:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին իրենց քուէները չվաճառելու` իրենց օրուան ապրուստը ապահովելու նպատակով:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը կը փափաքի, որ «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային ընկերութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին սկսի Կեդրոնական դրամատան հաշիւներուն իրաւական հետաքննութեան:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ ամերիկացին կը գտնուի շրջանէն հեռանալու վիճակին մէջ, եւ կոչ ուղղեց բոլորին` Ուաշինկթընի զօրակցութեան վրայ գրաւ չդնելու:
ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի երէկ «Մովեմփիք» պանդոկին մէջ կատարեց 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան իր ընտրարշաւին մեկնարկը: Ան խստիւ դատապարտեց Հըզպալլայի որդեգրած քաղաքականութիւնը` ընդգծելով, որ իրենք պիտի չարտօնեն նոր 7 մայիս մը` ըլլայ ան դատական 7 մայիս կամ ապահովական 7 մայիս:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է վերստին ժողով գումարէ, որպէսզի կարենայ լիբանանցիներուն դիմագրաւած կենցաղային հարցերուն անհրաժեշտ լուծումները ապահովել: «Ով որ յանձնառու է ժողովուրդին շահերուն եւ կառավարութեան աշխատանքին աշխուժացման, պէտք է դիւրացնէ անոր աշխատանքը սառեցնող պատճառներուն լուծումը», հաստատեց ան:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ պէտք է վերացնել օրէնսդրական, վարչական եւ ելեւմտական բոլոր խոչընդոտները, որոնք պատճառ կը դառնան հատուցման քարտի ծառայութիւնը սկսելու աշխատանքի արգելակումին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ քաղաքացին պաշտպանող պետութիւն մը եւ ոչ թէ յարանուանութիւններու պետութիւն: Ան ընդգծեց, որ Ամալ շարժումը կը զօրակցի անկախ դատական իշխանութեան, որ հեռու է հարցերը քաղաքականացնելու եւ ժողովուրդին ուշադրութիւնը ճշմարտութենէն շեղելու տրամադրութենէն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչն ու դրամատան Կեդրոնական խորհուրդը պատասխանատու են ամերիկեան տոլարի սակին արձանագրած ոստումներուն:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընդգծուեցաւ տիրող ներկայ ահռելի պայմաններուն լուծումներ գտնելու անհրաժեշտութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ ներկայիս հարցը իշխող ներկայ վարչակազմէն երկիրը փրկելն է: Ան հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի` լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ ընտրական ցանկեր կազմելով:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ոմանք կը մերժեն Դիմադրութիւնը` յարմարելով Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել փափաքող ուժերուն, «սակայն երեսփոխանական ընտրութիւնները ցոյց պիտի տան անոնց իսկական չափը», աւելցուց ան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի` աւելցնելով, որ ան լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ պիտի ունենայ իր ընտրացանկերը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք հաստատեց, որ կառավարութեան տագնապը լուծելու ջանքերը տակաւին ընթացքի մէջ են:
ՎԱՏԻԿԱՆԻ մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը յանձնառու է Լիբանանի կայունութեան:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարատա հոսանքի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Մարատա հոսանքը ոչ մէկ ճնշում պիտի բանեցնէ տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիի վրայ` անոր հրաժարականին հարցով:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախագահական պալատի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախագահական իր նստաշրջանը աւարտելէ ետք պիտի մեկնի Պաապտայի պալատէն` ոչ իսկ մէկ վայրկեան յաւելեալ ժամանակ անցընելով հոն:


