ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1606 վարակուածներ եւ մահացած 12 ուրիշներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 27.250 լ. ոսկիի սահմանը:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց երեսփոխան Ատնան Թրապուլսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց երեխաներու դէմ բռնութեան հարցով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Նաժաթ Մաալա Մաժիտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան տնտեսական եւ ընկերային տագնապալի իրավիճակին ունեցած վատ ազդեցութիւնը երեխաներուն վրայ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 4400 լ. ոսկիով, մազութինը` 18.700 լ. ոսկիով, իսկ 10 քկ պիւթակազին շիշը` 18.600 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 323.200 լ. ոսկի, մազութինը` 357.600 լ. ոսկի, իսկ 10 քկ պիւթակազին շիշը` 312.100 լ. ոսկի:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ շեշտեց, որ կարելի չէ Հըզպալլայի հետ յարաբերութիւնները նոյն ձեւով շարունակել, որովհետեւ անոր նպատակը միայն իր կառոյցներուն փրկութիւնն է:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ անհրաժեշտ է կառավարութեան կողմէ որդեգրուելիք աշխատանքի փրկարար ընթացք մը:


