Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քըրըմ. «Ալֆա» Եւ «Թաչ» Ընկերութիւնները Յառաջիկայ Փետրուարէն Առաջ Կրնան Սնանկանալ»

December 18, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմ, անդրադառնալով բջիջային հեռաձայնի «Ալֆա» եւ «Թաչ» ընկերութիւններու պաշտօնեաներուն յայտարարած գործադուլին, յայտնեց, որ ինք պատասխանատու չէ նախապէս տիրող կացութեան` աւելցնելով, որ հաղորդակցութեան մարզը անցեալին շահեր կ՛ապահովէր, եւ անոր սակերը իւրայատուկ էին, «սակայն ներկայիս կը տիրէ  արտակարգ իրավիճակ, որուն ընթացքին կարելի չէ նոյն սակերով շարունակել, երբ ինձմէ պահանջուած է, որ պաշտօնեաներուն բժշկութիւնն ու առողջական ապահովագրութիւնը ապահովեմ», ըսաւ ան:

Քըրըմ շեշտեց, որ ինք պաշտօնեաներուն դէմ չէ` աւելցնելով, որ անոնց պահանջները իրաւացի են, սակայն իրականացնելը` անկարելի: «Իսկ զոյգ հաստատութիւններէն 1000 պաշտօնեայ աշխատանքէ արձակելու որոշումին համաձայն չեմ կրնար ըլլալ», ըսաւ ան:

Քըրըմ հաստատեց, որ «Ալֆա» եւ «Թաչ» ընկերութիւններու պաշտօնեաներուն ապահովագրութիւնը Ա. կարգի է, որ տարեկան դրութեամբ 5 միլիոն տոլար է: Ան աւելցուց, որ պաշտօնեաները կը մերժեն իրենց ապահովագրութիւնը Բ. կարգի վերածել` աւելցնելով, որ երկու տարիէ ի վեր նիւթական այդ պարտաւորութիւնը չէ կատարուած: «Հետեւաբար մենք պէտք է 16 միլիոն տոլար վճարենք, սակայն մեր մօտ ունինք միայն 6 միլիոն տոլար, այս կը նշանակէ, թէ «Ալֆա» եւ «Թաչ» ընկերութիւնները յառաջիկայ փետրուարէն առաջ կրնան սնանկանալ», ըսաւ ան:

Քըրըմ աւելցուց, որ հաղորդակցութեան սակերը բարձրացնելու քայլը անխուսափելի է` ընդգծելով, որ եթէ հաղորդակցութեանց սակը 1500 լ. ոսկիի հիման վրայ պիտի մնայ, ապա 2022-ին հաղորդակցութեան մարզի նիւթական բացը 354 միլիառի պիտի հասնի:

«Անշուշտ նման որոշում ես առանձինս չեմ կրնար տալ, որովհետեւ անիկա կարիքը ունի կառավարութեան եւ խորհրդարանի որոշումին», եզրափակեց Քըրըմ:

Միւս կողմէ, «Ալֆա» եւ «Թաչ» ընկերութիւններու պաշտօնեաները երէկ հինգերորդ օրն ըլլալով շարունակեցին իրենց նստացոյցը` բողոքելով նախարարին յայտարարութիւններուն դէմ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Սլիմ. «Տագնապները Ինչքան Ալ Սրին, Լիբանան Պիտի Մնայ Անկախ»

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.