Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ պահրէյնցի իր պաշտօնակից շէյխ Ռաշետ Պըն Ապտալլա Ալ Խալիֆայէն:
Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ միացեալ ապահովական թղթածրարներ` հասնելով մինչեւ անցեալ շաբաթ օր պահրէյնեան «Ուիֆաք» միութեան Պէյրութի մէջ կազմակերպած մամլոյ ասուլիսը:
Մաուլաուի շեշտեց, որ ինք յանձնառու է Պահրէյնի ապահովութեան ու կայունութեան երաշխաւորման, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ կը մերժէ Լիբանանը վերածել արաբական որեւէ երկրի եւ յատկապէս Ծոցի երկիրներուն դէմ ցեխարձակում կամ ատելութիւն արտայայտող մարտկոցի:
Մաուլաուի Ռաշետ Պըն Ապտալլա Ալ Խալիֆային ներկայացուց ներքին գործոց նախարարութեան որդեգրած քայլերը` ապահովական կառոյցներուն միջոցով հետապնդելու եւ բացայայտելու այն միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն անդամները, որոնք արաբական եղբայր երկիրներուն դէմ լարուած են:
Մաուլաուի հաստատեց, որ պանդոկներն ու խորհրդաժողովի յատուկ կեդրոններն ու ժողովասրահները քաղաքական բնոյթի ձեռնարկներ պիտի չհիւրընկալեն` նախքան իրաւական եւ վարչական պէտք եղած հաւանութիւնը ստանալը:
Մաուլաուի Ռաշետ Պըն Ապտալլա Ալ Խալիֆան շնորհաւորեց Պահրէյնի Ազգային տօնին առիթով եւ յաջողութեան ու բարգաւաճման բարեմաղթութիւններ յղեց անոր:
Զոյգ նախարարները համաձայնեցան գործակցութիւնը շարունակել եւ երկու երկիրներու ապահովական կառոյցներուն միջեւ տեղեկութիւններ փոխանակել:
Միւս կողմէ, Պասսամ Մաուլաուի երէկ նամակ մը յղեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան` պահանջելով պահրէյնեան «Ուիֆաք» միութեան ոչ լիբանանցի անդամները Լիբանանէն վտարել, շաբաթ, 11 դեկտեմբեր 2021-ին, Պէյրութի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Պահրէյնի հասցէին հնչած ցեխարձակումներուն եւ լիբանանեան-պահրէյնեան յարաբերութիւններուն վրայ անոնց ունեցած վատ անդրադարձին լոյսին տակ:



