Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան ընթացքին իր պաշտօնակիցին եւ ֆրանսացի պատասխանատուներու հետ քննարկեց ելեկտրականութեան մարզը բարելաւելու ծրագիրներն ու կարելիութիւնները:
Ֆայեատ հանդիպում մը ունեցաւ ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին` Պարպարա Պոմպիլիի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանի ուժանիւթի եւ ջուրի մարզերուն դիմագրաւած հարցերը, որոնց լոյսին տակ նաեւ քննարկուեցան երկրին ելեկտրականութեան տագնապը թեթեւցնելու քայլերը:
Պոմպիլի հաստատեց, որ Ֆրանսա ամէն իմաստով պիտի օժանդակէ Լիբանանին` դիմագրաւելու ուժանիւթի եւ ջուրի մարզերուն մարտահրաւէրները` աւելցնելով, որ ֆրանսական իշխանութիւնները կը հետեւին Լիբանանի կառավարութեան կողմէ գործադրուելիք բարեկարգումներուն:
Ֆայեատ իր ծրագիրները ներկայացուց նաեւ Ֆրանսայի ելեւմուտքի եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն:
Ֆայեատ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ «Թոթալ» ընկերութեան գործադիր խորհուրդի անդամ Թիերի Ֆիլմինի հետ, որ հաստատեց, որ «Թոթալ»-ի կողմէ Լիբանանի հետ գործակցութիւնը շարունակելու որոշումը ռազմավարական է` նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած տնտեսական ներկայ դժուարութիւնները:
Ֆայեատ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի օժանդակութիւններու համադրումի հարցով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի անձնական պատուիրակ դեսպան Փիեռ Տիւքանի հետ:
Տիւքան շեշտեց, որ Միջազգային դրամատան մօտ Ֆրանսա պիտի զօրակցի եգիպտական կազ եւ յորդանանեան ելեկտրականութիւն ապահովելու Լիբանանի պահանջին: