Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ նախագահեց լիբանանեան-բրիտանական փոխադարձ գործակցութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իան Քոլարտ:
Նախքան նիստին գումարումը, Պու Հապիպ եւ Քոլարտ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը:
Միւս կողմէ, նիստին ընթացքին Պու Հապիպ եւ դեսպան Քոլարտ հաստատեցին, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու նպատակով:
Նիստին ընթացքին կատարուեցաւ լիբանանեան-բրիտանական յարաբերութիւնները ամրապնդելու ծրագրաւորումը:



