Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 20, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1479 վարակուածներ եւ մահացած 12 ուրիշներ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 27.200 լ. ոսկիի սահմանը:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հարց տուաւ, թէ արդեօք ամօթալի չէ՞, որ Լիբանանի կառավարութեան ժողով գումարելու որոշումը վերածուի արաբական եւ միջազգային պահանջի: Ռայի պատրիարքը հարց տուաւ նաեւ, թէ ինչպէ՞ս գործադիր իշխանութեան հասած խմբակ մը կ՛արտօնէ ինքզինքին` օրինականութեան անուան տակ խանգարելու կառավարութեան ընթացքը:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան քարոզին մէջ ըսաւ. «Ո՛վ որ պատասխանատուութիւն ստանձնէ, պէտք է իր պարտականութիւնը կատարէ, այլապէս` թող լքէ իր պաշտօնը եւ առիթ տայ, որ գործել փափաքողներ լծուին փրկութեան աշխատանքին»:

ՍՊԻՏԱԿ տան տարեկան տեղեկագիրին մէջ նշուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներ քուլիսներու ետին կը գործեն Լիբանանի բարօրութեան համար: Նոյն տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, թէ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարները պէտք է դժուար որոշումներ տան եւ ընտրանքներ որդեգրեն` փրկելու համար իրենց երկիրը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ քանատական դեսպանատունը` ապահովական միջադէպերու եւ ահաբեկչական գործողութիւններու մտահոգութեամբ, իր քաղաքացիները զգուշացուց լիբանանեան կարգ մը շրջաններ ուղղուելէ: Այդ շրջաններն են` Մարզական Աւանի շրջակայքը, Պըրժ Պարաժինա, Շայեահ, Ղըպէյրի, Հարեթ Հըրէյք, Լայլաքի, Մրայժէ, Թարիք Ժտիտէ, Պիր Հասան, Պապ Թըպպանէ, Ժապալ Մըհսեն, Սուրիոյ հետ սահմանամերձ շրջաններ, ինչպէս` Ռաս Պաալպեք, Արսալ, Լապուէ, Քահ, Ռայաք, Պրիթել, Պաալպեք, ինչպէս նաեւ բոլոր պաղեստինեան գաղթակայաններն ու հարաւային Լիթանիի շրջանները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ Սամիր Քանթարի նահատակութեան տարելիցին առիթով յայտնեց, որ ան վեհ էր` Դիմադրութեամբ, գերութեամբ, իր ազատ արձակումով եւ նահատակութեամբ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուի յայտնեց, որ «Ուիֆաք» կազմակերպութեան անդամները Լիբանանէն վտարելու իմաստով օրինական բոլոր միջոցառումները որդեգրուած են:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի բոլորին համագործակցութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը ոտքի կանգնեցնել:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ շիի երկեակին միջեւ սակարկութիւններ չկան` աւելցնելով, որ իշխանութեան պաշտօնավարութեան ժամկէտը երկարաձգելու կարելիութիւնը կը գտնուի միայն ոմանց երեւակայութեան մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի անհրաժեշտ նկատեց, որ ներքին լիբանանեան մակարդակի վրայ բոլորին միջեւ համագործակցութիւնը կարեւոր է` «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու առումով:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել երեսփոխանական պլոքը իր նիստէն ետք յայտնեց, որ լիբանանցիներուն ապրուստին դէմ Միացեալ Նահանգներու պատերազմը կը մղուի դատական իշխանութիւններուն մէկ մասին եւ ելեւմուտքի մարզը հակակշռող կառավարիչին կողմէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններ չկատարելու պարագային իրենք խորհրդարանէն պիտի հրաժարին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա զգուշացուց տօնական օրերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարելու նպատակով նախազգուշական քայլերու մեղմացումէն կամ ջլատումէն:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս յայտնեց, որ Լիբանանը վերջ գտած է` աւելցնելով, որ Լիբանան նոյնիսկ բանակցելու խաղաքարտ չէ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ Լիբանան փուլ կու գայ, իսկ ելեւմտական ու տնտեսական առումով կացութիւնը այնքան գահավիժած է, որ երկիրը կը գտնուի իր պատմութեան վատագոյն փուլին մէջ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանի տագնապին միակ լուծումը երեսփոխանական ընտրութիւններն են` աւելցնելով, որ այդ լուծումը առիթ մըն է, որ պիտի չիրականանայ: Ժահժահ նշեց, որ կառավարութեան աշխատանքները արգելակելու քայլը քաղաքականէն անդին է:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Մուխթարայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Հատիտը, որուն հետ քննարկեց շարք մը միացեալ հարցեր, յատկապէս Յորդանանէն Լիբանան ելեկտրականութիւն փոխադրելու, իսկ Եգիպտոսէն Լիբանան կազ փոխադրելու վերաբերող հարցեր: Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան-յորդանանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ յայտնեց, որ երկրին տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու իմաստով Սուրիա կարեւորագոյն երակն է` աւելցնելով, որ լիբանանցիները երեսուն տարուան ընթացքին որդեգրուած քաղաքականութիւններուն զոհերն են:

ՀԱՄԱՍԻ ղեկավար Խալետ Մըշաալ Պէյրութի մէջ լիբանանցի եւ պաղեստինցի անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ գերիշխանութեան, հետեւաբար պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ ներքին բախումներու պիտի չներքաշուին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ իրենց ընտրապայքարը դեսպանատուներուն հետ է եւ ոչ թէ տարրերու, որոնք Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կը ծառայեն Միացեալ Նահանգներուն, ինչպէս նաեւ կ՛երկարաձգեն տիրող տագնապը, որպէսզի շահագործեն զայն` քաղաքական նպատակներ արձանագրելու համար:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով բժշկական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ «Քորոնա» ժահրի «Օմիքրոն» տարբերակի շատ արագ տարածումը մօտիկ ապագային պիտի պատճառէ վարակուածներու հսկայական թիւ մը:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը

Յաջորդը

Քըրըմ Կոչ Կ՛ուղղէ Վաւերացնելու «Օժերօ»-ին Տրամադրուելիք Վարկը, Իսկ Քրէյտիէ Կը Հաստատէ Անոր Վաւերացումը

RelatedPosts

Վերջին Ժամ.  Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը
Լիբանանեան

Վերջին Ժամ. Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սալամ Սայտա Այցելեց
Լիբանանեան

Սալամ Սայտա Այցելեց

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?