Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 17, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1912 վարակուածներ եւ մահացած 14 ուրիշներ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 27.000 լ. ոսկիի սահմանը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես վաղը` շաբաթ, 18 դեկտեմբեր 2021-ին պիտի ժամանէ Պէյրութ, ուր պաշտօնական հանդիպումներ պիտի ունենայ իշխանութեան պետերուն, քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն եւ հոգեւոր պետերուն հետ: Կութիերես լիբանանցի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն պատկերացումները պիտի ունենայ` Լիբանանը իր դիմագրաւած տագնապէն դուրս բերելու վերաբերող:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախանցեալ օր բանակի շրջուն ջոկատ մը ներխուժեց Հարաւային արուարձաններու Ամրուսիէ շրջանին մէջ գտնուող բնակարաններէն մէկը, ուր կը գտնուէր եռանդամ աւազակախումբը, որ գործադրած էր Զալքայի «Պիպլոս» դրամատան դէմ յարձակումը եւ գողութեան փորձը: Բանակը ձերբակալեց անոնցմէ մէկը, իսկ միւս երկուքը սպաննուեցան հետապնդումի ընթացքին արձանագրուած կրակոցներէն:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի, նախագահելէ ետք Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդի նիստին, յայտնեց, որ ապահովական խիստ միջոցառումներ պիտի որդեգրուին, ինչպէս նաեւ անցարգելներ պիտի զետեղուին` արգիլելու համար տիւ ու գիշեր գործադրուող գողութիւնները, որոնք մեծաթիւ դարձած են եւ կը մտահոգեն քաղաքացիները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Համասի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Խալետ Մըշաալը, որ հաստատեց, թէ իրենք յանձնառու են պաղեստինեան գաղթակայաններուն կայունութեան եւ պիտի արգիլեն ներքին խլրտումներով տարուելու փորձերը:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի ալրաղացներու ներկայացուցիչ Ալի Ռամմալ հաստատեց, որ ցորենի սակաւութենէ կը տառապին: Ան նշեց, որ իրենք շուկային ալիւր կրնան տրամադրել, երբ ցորեն ստանան` նաւերէն, «սակայն, ըստ երեւոյթին, ցորեն փոխադրող նաւերուն վճարումներ չեն կատարուած», ըսաւ ան:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը կարելի է ամփոփել անոր կառավարիչին անձով: Պայրամ աւելցուց, որ կան ներքին եւ արտաքին մաֆիաներ, որոնք իրենց հակակշիռին տակ առած են ամերիկեան տոլարն ու անոր արժէքը:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժար Թրիփոլիէն յայտնեց, որ բարգաւաճումը կը սկսի փոխադարձ գործակցութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ իսկական բարգաւաճում գործադրել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան ընդունեց Արժանապատուութիւն հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէն, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա յայտնեց, որ Լիբանան խիստ կարիքը ունի կառավարութեան նիստերու գումարումին` ոչ թէ շաբաթական, այլ` օրական դրութեամբ:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար յայտնեց, թէ պետութեան կողմէ կայ յստակ ծրագիր, որ կը միտի լիբանանցիներուն մնացեալ տոլարները «գողնալ»:

 

 

Նախորդը

Հարցազրոյց` Համազգայինի «Արեգ» Թատերախումբի Բեմադրիչ Գալուստ Ներսիսեանի Եւ Օգնական Սիլվա Սողոմոնեանին Հետ

Յաջորդը

Կրիօ. «Ֆրանսական-Սէուտական Օժանդակութիւնները Պիտի Չկատարուին Լիբանանեան Պետութեան Միջոցաւ»

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանան Նուրբ Փուլէ Կ՛անցնի, Շրջանային  Շրջադարձի Մը Պայմաններուն Մէջ,  Որոնց Լուսանցքին Վրայ Չի Կրնար Մնալ»
Լիբանանեան

Պատասխանելով Հըզպալլայի Բաց Նամակին` Սալամ. «Պատերազմի Եւ Խաղաղութեան Որոշումը Վերապահուած Է Պետութեան, Եւ Ոչ Ոք Այդ Որոշումը Տալու Իրաւասութիւն Ունի»

Նոյեմբեր 8, 2025
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնն Ու Եուրոփոլը Կը Նշեն.  «Հըզպալլան Տակաւին Վտանգաւոր  Կազմակերպութիւն Մըն Է, Որ Մտադիր Է  Արտասահմանի Մէջ  Իր Ներկայութիւնը Պահպանել»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Այսուհետեւ Իրանին Եւ Հըզպալլային Կարելի Չէ Արտօնել Լիբանանը Գերի Պահել»

Նոյեմբեր 8, 2025
Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»
Լիբանանեան

Թեհրան. «Կը Դատապարտենք Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Վայրագ Օդային Յարձակումները»

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?