Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցամաքային Փոխադրութեան Մարզը Երէկ Կատարեց Գործադուլ Մը Եւ Փակեց Տարբեր Շրջաններու Մայրուղիները

Դեկտեմբեր 17, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ ցամաքային փոխադրութեան մարզը երէկ կատարեց գործադուլ մը եւ փակեց տարբեր շրջաններու մայրուղիները` մասամբ խանգարելով քաղաքացիներուն երթեւեկը, Պաալպեքի մէջ քաղաքացի մը ինքզինք հրկիզելով մահացաւ` իբրեւ բողոք տիրող ապրուստի եւ տնտեսական դժուար կացութեան դէմ…:

Ցամաքային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող հանրային փոխադրութեան ինքնաշարժներու եւ փոխադրակառքերու վարորդները առաւօտեան ժամերուն փակեցին Համրայի ճամբան` Կեդրոնական դրամատան դիմաց, Տորայի եւ Ալէյի հրապարակը, Շթորայի, Փալմայի եւ Թրիփոլիի մայրուղիները` երկու ուղղութեամբ, Սայտայի եւ Նապաթիէի մայր ճամբաները:

Անոնք վերահաստատեցին իրենց պահանջները պետութենէն` կարենալ դիմագրաւելու համար տիրող տնտեսական սուր տագնապը:

Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս երէկ յայտնեց, որ ցամաքային փոխադրութեան մարզը դիմած է մագլցողական քայլերու` ճնշում բանեցնելու համար կառավարութեան վրայ, որպէսզի ան գործադրէ այն, որուն գծով համաձայնութիւն կայացած է:

Թլայս շեշտեց, որ իրենց սկսած մագլցողական քայլերը պիտի շարունակեն յառաջիկայ օրերուն:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ գործող վառելանիւթի կայարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի անդամ Սամի Պրաքս յայտնեց, թէ վառելանիւթի սակերը այսօր դարձեալ պիտի սղին` աւելցնելով, որ անոնք ուղղակիօրէն կապուած են վառելանիւթի միջազգային սակին եւ Լիբանանի մէջ ամերիկեան տոլարի սակին:

Լիբանանի մէջ պենզինի թիթեղին սակը հետզհետէ պիտի սղի` նկատի ունենալով ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին շարունակուող արժեզրկումը:

Նախորդը

«Լիբանան Միջազգային Ընտանիքին Յաւելեալ Օժանդակութեան Կարիք Ունի` Դիմագրաւելու Տնտեսական Տագնապը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Արաբական Ծոցէն Դէպի Սեւ Ծով` Շրջանցելով Հայաստանը. Իրան Միտքը Փոխա՞ծ Է

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?