Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանը Չտապալելու Եւ Անոր Փլուզումը Կասեցնելու Իմաստով Միջազգային Որոշում Կայ» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Դեկտեմբեր 18, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Խմբագիրներու նորընտիր սենտիքայի գործադիր խորհուրդը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆիի:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանը չտապալելու եւ անոր փլուզումը կասեցնելու իմաստով միջազգային որոշում կայ:

«Արտաքին եւ ներքին հովանաւորներ կը պաշտպանեն կառավարութեան աշխատանքը, որ կը շարունակուի», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ կառավարութեան հրաժարականը ամէնէն դիւրին լուծումն է, սակայն անիկա մեծ չարիք է եւ հարցերու լուծման չ՛առաջնորդեր, այլ իրավիճակը աւելի եւս կը վատթարացնէ, ինչպէս նաեւ կրնայ պատճառ դառնալ երեսփոխանական ընտրութիւններու յետաձգումին:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ կառավարութեան ժողովները վերսկսելու նպատակով ամէն ջանք ի գործ կը դրուի, «սակայն պէտք է անպայման լուծել ներկայ լարուածութիւնը եւ ապա նախարարաց խորհուրդը նիստի հրաւիրել, այլապէս կրնանք նախարարներու իրերայաջորդ հրաժարականներ վկայել», յայտնեց ան:

Միքաթի հաստատեց, որ իր եւ հանրապետութեան նախագահին միջեւ կայ ամբողջական գործակցութիւն` աւելցնելով, որ երկուքին միջեւ տարակարծութիւններու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը կը միտին երկրին մէջ քաղաքական լարուածութիւն հրահրել:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւս իր յարաբերութիւնները հեզասահ են` աւելցնելով, որ անոնց միջեւ գործակցութիւնը կը շարունակուի, որպէսզի կառավարութիւնը վերսկսի գումարել իր ժողովները:

Միքաթի յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի երեսփոխանական ընտրութիւնները մինչեւ 21 մայիս 2022 կատարելու համար, որպէսզի նորընտիր խորհրդարան մը կարելի ըլլայ ունենալ:

Դրամատուներուն մէջ հաշիւներ ունեցող քաղաքացիներու իրաւունքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ անոնք իրենց հիմնական դրամագլուխը պիտի ստանան` որոշ ծրագիրի մը համաձայն: «Այսօր դժուար է կացութիւնը, սակայն ատիկա կատարելը անկարելի չէ, եւ քաղաքացիները իրենց իրաւունքները պիտի ստանան», հաստատեց Միքաթի:

Նախորդը

Ֆայեատ Ֆրանսայի Մէջ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մարզը Բարելաւելու Ծրագիրներն Ու Կարելիութիւնները

Յաջորդը

Ալիեւ Եւ Օվերչուք Քննարկած Են Շրջանին Մէջ Հաղորդակցութիւններու Ապաշրջափակման Հարցերը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?