Լիբանանեան

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2280 վարակուածներ եւ մահացած 15 ուրիշներ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 27.550 լ. ոսկիի սահմանը: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շնորհաւորագիր մը ստացաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիէն, որ բարեմաղթութիւններ ուղղած էր` Նոր տարուան առիթով: Սիսի Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն բարգաւաճում մաղթած էր` յուսալով,...

Յ. Բագրատունի Պըրրիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յ. Բագրատունի Պըրրիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, յատկապէս տնտեսական եւ ընկերային տագնապն ու ապրուստի վերաբերող խնդիրները: Լիբանանեան իրադարձութիւններուն շրջագիծին մէջ ընդգծուեցան կառավարութեան նիստ գումարելու կարեւորութիւնը, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան շարունակութիւնն ու յանցագործներու բացայայտումը, յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի...

Նախագահ Աուն Վերանորոգեց Ազգային Երկխօսութեան Իր Հրաւէրը

Նախագահ Աուն Վերանորոգեց Ազգային Երկխօսութեան Իր Հրաւէրը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ, 25 դեկտեմբեր 2021-ին այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ, որուն յայտնեց իր բարեմաղթութիւնները, ինչպէս նաեւ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած հարցերն ու տագնապները: Դռնփակ հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն մաղթեց, որ լիբանանցիները աւելի լաւ պայմաններու մէջ տօնեն Ս. Ծնունդը` նկատել տալով, որ ինք միայն այդ յայտարարութեամբ պիտի բաւարարուի եւ աւելի ընդարձակ...

Իտալիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Լիբանան

Իտալիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Լիբանան

Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Լորենցօ Կուերինի եւ անոր ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւնը շաբաթավերջին այցելեց Լիբանան, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթա Պոմպարիերի: Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ` Լիբանանի կողքին կանգնելու եւ ամէն իմաստով անոր զօրակցելու առիթով: Վարչապետ Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ իտալական զօրամասին` հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս...

Մաուլաուի Ստորագրեց Ընտրական Խորհուրդները Աշխատանքի Կոչելու Հրամանագիրը

Մաուլաուի Ստորագրեց Ընտրական Խորհուրդները Աշխատանքի Կոչելու Հրամանագիրը

Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու շրջագիծին մէջ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ ստորագրեց ընտրական խորհուրդները աշխատանքի կոչելու հրամանագիրը, որուն համաձայն` - Լիբանանի տարածքին երեսփոխանական ընտրութիւններուն քուէարկութիւնը պիտի կատարուի 15 մայիս 2022-ին, - Երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպող պաշտօնէութեան քուէարկութիւնը տեղի կ՛ունենայ 12 մայիս 2022-ին, - Արտերկրի լիբանանցիներուն համար ճշդուած քուէարկութեան օրերն են ուրբաթ, 6 եւ կիրակի, 8 մայիս 2022-ը:...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1100 վարակուածներ եւ մահացած 15 ուրիշներ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 27.400 լ. ոսկիի սահմանը: ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի շաբաթ, 25 դեկտեմբեր 2021-ին այցելեց Թրիփոլիի հոգեւոր հեղինակութիւններուն` մարոնի համայնքի Թրիփոլիի առաջնորդ Եուսեֆ Սուիֆ եպիսկոպոսին, յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Էտուար Տահեր եպիսկոպոսին ու յոյն ուղղափառ...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Կաթողիկէ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ շաբաթ, 25 եւ երկուշաբթի, 27 դեկտեմբեր 2021-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 28 դեկտեմբերին:

Կացութեան Վատթարացման Կանխարգիլման  Առաջադրանքով.  Միջազգային Դիւանագիտական  «Արշաւ»` Լիբանանի Ուղղութեամբ

Կացութեան Վատթարացման Կանխարգիլման Առաջադրանքով. Միջազգային Դիւանագիտական «Արշաւ»` Լիբանանի Ուղղութեամբ

Լիբանանի քաղաքական իրավիճակը ցոլացնող պատկերը այնքան ալ պայծառ ու «վարդագոյն» չէ այս  օրերուն: Փաստօրէն, Սահմանադրական խորհուրդին տուած «որոշումը» բռնկեցուց առանց այդ ալ կողմերուն լարուած տրամադրութիւնները: Լիբանանեան «Ախպար» թերթին կարծիքով` նախագահ Աունի եւ Հըզպալլայի միջեւ «կապը խզուած է»: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ուղղուած պատգամը կը զգուշացնէր յառաջիկայի քաղաքական անբաղձալի իրադարձութիւններէն, որոնց ամէնէն «մեղմերը» կը...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ալի Համիէի կարծիքով, մինչեւ տարեվերջ Լիբանան ժամանողներու թիւը պիտի գերազանցէ 600 հազար հոգին: 1 հոկտեմբեր 2021-էն մինչեւ օրս Լիբանան ժամանած է 521 հազար 660 հոգի: Իսկ երէկ` հինգշաբթի, 23 դեկտեմբերին, Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի օդակայան էջք կատարած է 91 օդանաւ: ԼԻԲԱՆԱՆԻ առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարարութիւնը երէկ հերքեց հացի կապի սակագինին յաւելման մասին լուրերը: Նմանապէս, Կեդրոնական դրամատան...

Կառավարութեան Նիստերու Բացակայութեան.  Հրատապ Հարցերը Կը Քննարկուին Զանոնք  «Փոխարինող Այլընտրանքներով»

Կառավարութեան Նիստերու Բացակայութեան. Հրատապ Հարցերը Կը Քննարկուին Զանոնք «Փոխարինող Այլընտրանքներով»

Աուն. «Ընդունելի Չէ Դահլիճի Նիստէն Բացակայիլ, Երբ Կազմերը Լրիւ Են» Տօնական օրերու սեմին լիբանանցիներու ապրուստի կենցաղային տարրական կարիքներու հատուցման պահանջը օր ըստ օրէ (եթէ ոչ ժամէ ժամ) կը շեշտուին, մինչ այդ ընկերային, տնտեսական թէ առողջապահական տարրական պահանջներու եւ հարցերու հարթումին համար նախատեսուող կառոյցները (սկսելով նախարարաց խորհուրդէն) հետզհետէ առաւել եւս կը կաղան ու կը կազմալուծուին: Առ այդ, հրամայական անհրաժեշտութիւն կը դառնայ...

Աւարտելով Լիբանան Կատարած  Իր Եռօրեայ Այցելութիւնը`  Կութիերես Լիբանանի Վարիչներուն Թելադրեց  Գործադրել Իրենց Խոստացած Երաշխիքները

Աւարտելով Լիբանան Կատարած Իր Եռօրեայ Այցելութիւնը` Կութիերես Լիբանանի Վարիչներուն Թելադրեց Գործադրել Իրենց Խոստացած Երաշխիքները

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ» Կութիերես երէկ` չորեքշաբթի, 22 դեկտեմբերին աւարտեց Լիբանան կատարած իր եռօրեայ այցելութիւնը, որուն ընթացքին զանազան հանդիպումներ ունեցաւ երկրի տարբեր պատասխանատուներուն հետ: Ան ցաւ յայտնեց, որ այս «գեղեցիկ երկիրը կը տառապի խրթին հարցերէ եւ կը դիմակալէ այլազան մարտահրաւէրներ: Ան յայտնեց, որ երկրին վարիչներէն ստացած է խորհրդարանական ընտրութեանց կայացման գծով երաշխիքներ եւ ամբողջական յանձնառութիւն` գործադրելու խոստացուած բարեկարգումները: Կութիերես կոչ...

Պարգեւատրելով Վաստակաւոր Գործարարներ  Եւ Դրուատելով Անոնց Նուիրումի Ոգին`  Պուչիքեան. «Լիբանանեան Առեւտրական  Խորհրդանիշը Իր Արժանաւոր Վարկն Ու Դիրքը  Սկսաւ Գրաւել Համաշխարհային Շուկաներուն Մէջ»

Պարգեւատրելով Վաստակաւոր Գործարարներ Եւ Դրուատելով Անոնց Նուիրումի Ոգին` Պուչիքեան. «Լիբանանեան Առեւտրական Խորհրդանիշը Իր Արժանաւոր Վարկն Ու Դիրքը Սկսաւ Գրաւել Համաշխարհային Շուկաներուն Մէջ»

Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու ընկերակցութեան ծիրին մէջ գործող Ճարտարարուեստական շրջաններու յանձնախումբի մէկ պատուիրակութեան հետ, որուն մաս կը կազմէին Սախր Ազար, Հասան Եասին, Միշել Սայեահ, Ղասսան Սալիպա եւ Ատնան Աթայա: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան ճարտարարուեստական երկու շրջաններու մէջ գործունէութեան ձեռնարկելու գործնական քայլերուն վրայ` այս գծով ենթակառոյցի անհրաժեշտ նախապատրաստական ուսումնասիրութիւններու ամբողջացումէն ետք: Այս աշխատանքները կը ֆինանսաւորուին եւրոպական կողմերու...

Սահմանադրական Խորհուրդի Անորոշ  «Որոշումը» Դուռ Բացաւ Զանազան Հարցականներու`  Լիբանանի Իրավիճակին  Եւ Յառաջիկայ Քայլերուն Գծով

Սահմանադրական Խորհուրդի Անորոշ «Որոշումը» Դուռ Բացաւ Զանազան Հարցականներու` Լիբանանի Իրավիճակին Եւ Յառաջիկայ Քայլերուն Գծով

Լիբանանի Սահմանադրական խորհուրդը երէկ ձախողեցաւ թեր կամ դէմ քուէարկել ընտրութիւններու կայացման գծով` Ազգային ազատ հոսանքի ներկայացուցած վիճարկումին քննարկման ընթացքին: Արդարեւ, տասը անդամներէն 7-ին մեծամասնութիւնը պահանջող վիճարկումին գծով վեց թեր եւ չորս դէմ արդիւնքով կարելի չեղաւ յստակ որոշում գոյացնել, եւ հարցը մնաց առկախ: Փաստօրէն, նշեալ խորհուրդի նախագահ դատաւոր Թաննուս Մըշլեպ մամլոյ ասուլիս մը տալով փորձեց «պարզել» խորհուրդին կեցուածքը` հաստատելով, որ ոչ...

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Պաշտպանութեան  Գերագոյն Խորհուրդի Նիստի Գումարման

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստի Գումարման

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ` երեքշաբթի, 21 դեկտեմբերին կոչ ուղղեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստ գումարելու, այսօր կէսօրին` քննելու համար «Օմիքրոն» ժահրի տարածման կանխարգիլման գործնական միջոցառումները տօնական օրերու նախօրեակին: Սահմանադրական խորհուրդի «որոշումին» յաջորդած այս կոչը որոշ կողմերու մօտ զարմանք յառաջացուց, թէ «ներկայիս ի՞նչ պէտք կայ նման ժողովի»: Նաեւ` Կրթութեան Նախարարին Հետ Նախագահ Աուն երէկ նաեւ ընդունեց կրթութեան նախարար Ապպաս Հալապին,...

«Շիի Երկեակին» Դէմ Բացայայտ «Յարձակումով».  Պասիլ. «Պատահածը Նախագահի Լիազօրութեան  Եւ Կանոնադրութեան Դէմ Հարուած Էր»

«Շիի Երկեակին» Դէմ Բացայայտ «Յարձակումով». Պասիլ. «Պատահածը Նախագահի Լիազօրութեան Եւ Կանոնադրութեան Դէմ Հարուած Էր»

«Պատահածը ոչ թէ Ազգային ազատ հոսանքին, այլ` լիբանանեան Ազգային ուխտին եւ նախագահի լիազօրութեան դէմ էր, որ կը հակասէ սահմանադրութեան թիւ 57 յօդուածի տրամադրութիւններուն», յայտարարեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ Հզօր Լիբանան համախմբումի հերթական նիստի աւարտին տուած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Շիի երկեակին` Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի դէմ իր կեցուածքներուն մէջ նախընթաց մը արձանագրելով Պասիլ բացայայտօրէն քննադատեց...

Ճարտարարուեստի Արտադրութեանց Գործարարներուն  Փոխատուութիւն Ապահովել Խոստանալով`  Պուչիքեան. «Լիբանանեան Արտադրութիւններուն  Մեծ Մասը Կը Վաճառուին Լիբանանի Մէջ»

Ճարտարարուեստի Արտադրութեանց Գործարարներուն Փոխատուութիւն Ապահովել Խոստանալով` Պուչիքեան. «Լիբանանեան Արտադրութիւններուն Մեծ Մասը Կը Վաճառուին Լիբանանի Մէջ»

Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ լիբանանեան ճարտարարուեստի բարգաւաճման եւ  ծաղկումի կարելիութեան գծով: «Թէեւ ճարտարարուեստի 2021-ի արդիւնքներու ազդանշանները չբացայայտուեցան, սակայն կը նախատեսուի, որ այս տարի եւս արդիւնքները լաւ ըլլան», ընդգծեց նախարար Պուչիքեան` ակնարկելով երկրին մէջ վերջին տարիներուն տիրող տնտեսական տագնապին եւ լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկման հետեւանքով լիբանանեան արտադրութիւններու արտածման նահանջի երեւոյթին: Փաստօրէն, հակառակ անցնող երկու տարիներուն Լիբանանի մէջ տիրած տնտեսական ու...

Շարունակելով Լիբանան  Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը`  Կութիերես Վերահաստատեց Լիբանանի  Օժանդակութեան Անհրաժեշտութիւնը

Շարունակելով Լիբանան Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը` Կութիերես Վերահաստատեց Լիբանանի Օժանդակութեան Անհրաժեշտութիւնը

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես երէկ` երկուշաբթի, 20 դեկտեմբերին շարունակեց իր տեսակցութիւնները Լիբանանի ղեկավար պատասխանատուներուն հետ: Նախ եւ առաջ ան այցելեց վարչապետարան, ուր խորհրդակցութիւն ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Խօսակցութեանց առանցքը կազմեց Լիբանանի այժմու իրավիճակը, յատկապէս քաղաքական, տնտեսական ու դատական առումով: Այս առիթով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը Լիբանանի վիճակը նկարագրեց իբրեւ «խիստ խրթին ու աղէտալի»` շեշտելով Լիբանանի անմիջական օժանդակութեան կարիքը: Կութիերես...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՅՍ տարուան մէջ նախընթաց մը կազմելով երէկ` երկուշաբթի, 20 դեկտեմբերին Լիբանանի մէջ տիրեց անձրեւներու տարափի փոթորկոտ կլիմայ, երբ ծովու մակերեսէն հազար մեթր եւ աւելի  բարձրութիւն ունեցող շրջաններ ծածկուեցան ձիւնով: Գիւղական շրջաններու ճամբաները փակուեցան, յատկապէս` Պեքաայի եւ հիւսիսի ու հարաւի մէջ: Ապահովական եւ պատկան մարմիններ զգուշացուցին բնակիչները` իրենց ինքնաշարժներուն անիւները օժտելու պատշաճ շղթաներով եւ սարքերով: Ըստ օդերեւութաբանական աղբիւրներու կլիման փոթորկոտ պիտի...

Պէյրութի Մէջ.  Կութիերես. «Կը Զօրակցիմ Լիբանանցիներուն  Եւ Կոչ Կ՛ուղղեմ Միջազգային Ընտանիքին  Ամրապնդելու Լիբանանի Օժանդակութիւնը»

Պէյրութի Մէջ. Կութիերես. «Կը Զօրակցիմ Լիբանանցիներուն Եւ Կոչ Կ՛ուղղեմ Միջազգային Ընտանիքին Ամրապնդելու Լիբանանի Օժանդակութիւնը»

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես երէկ յետմիջօրէին քառօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Կութիերես դիմաւորուեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի, ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Ամալ Մտալլալիի եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի կողմէ: Օդակայանին մէջ Կութիերես բաւարարուեցաւ ըսելով, որ ասիկա դէպի Լիբանան իր առաջին այցելութիւնը չէ`...

Պըրրի Կը Զգուշացնէ Կառավարութեան  Տագնապին Լուծման Յապաղումէն

Պըրրի Կը Զգուշացնէ Կառավարութեան Տագնապին Լուծման Յապաղումէն

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ կառավարութեան տագնապը լուծելու առումով ճիգերը տեղքայլի մէջ են` աւելցնելով, որ եթէ արագ լուծումներ չգտնուին, ապա Լիբանանի կացութիւնը անկասկած պիտի առաջնորդուի դէպի յաւելեալ վատթարացում: Պըրրի շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը հետաքրքրուած է երեսփոխանական ընտրութիւններով, ինչ որ բնական է, եւ այդ անհրաժեշտութենէն մեկնելով է, որ պնդեցինք երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու վրայ: Ան յոյս յայտնեց, որ Սահմանադրական խորհուրդը այս...

Page 370 of 988 1 … 369 370 371 … 988

Արխիւներ