Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարգեւատրելով Վաստակաւոր Գործարարներ Եւ Դրուատելով Անոնց Նուիրումի Ոգին` Պուչիքեան. «Լիբանանեան Առեւտրական Խորհրդանիշը Իր Արժանաւոր Վարկն Ու Դիրքը Սկսաւ Գրաւել Համաշխարհային Շուկաներուն Մէջ»

December 23, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու ընկերակցութեան ծիրին մէջ գործող Ճարտարարուեստական շրջաններու յանձնախումբի մէկ պատուիրակութեան հետ, որուն մաս կը կազմէին Սախր Ազար, Հասան Եասին, Միշել Սայեահ, Ղասսան Սալիպա եւ Ատնան Աթայա: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան ճարտարարուեստական երկու շրջաններու մէջ գործունէութեան ձեռնարկելու գործնական քայլերուն վրայ` այս գծով ենթակառոյցի անհրաժեշտ նախապատրաստական ուսումնասիրութիւններու ամբողջացումէն ետք: Այս աշխատանքները կը ֆինանսաւորուին եւրոպական կողմերու յատկացուցած գումարներով:

Միւս կողմէ, նախարար Պուչիքեան երէկ` չորեքշաբթի, 22 դեկտեմբերին  պարգեւատրեց նախարարութեան մէջ ամբողջ քառորդ դար նուիրումով ու զոհաբերութեամբ աշխատած գործարարներ: Պուչիքեան դրուատեց անոնց նուիրաբերումի ոգին, անոնք իրենց հմուտ գործունէութեամբ յաջողած են աւելի քան 65 երկիրներու  շուկաներուն մէջ տարածել լիբանանեան արտադրութիւնները: «Լիբանանեան առեւտրական խորհրդանիշը իր արժանաւոր վարկն ու դիրքը սկսաւ գրաւել համաշխարհային շուկաներուն մէջ», ընդգծեց նախարար Պուչիքեան, պարգեւատրումի հանդիսութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ: Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր գործակցաբար Աթեֆ Իտրիսի գլխաւորած սննդամթերքի անվտանգութեան ՄԻՖՈԶԱ խորհրդատու հաստատութեան եւ ներկայութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Տանի Ժըտհոնի եւ պատասխանատուներէն Մունիր Պսաթի: Պարգեւատրեալներն էին` Կարապետ Քահքեճեան, Սեդրակ Ամղոլեան, Նեզիհ Պաալպեքի, Ատել Հասան, Սապըհ Նասրէտտին, Նիտալ Ժազզար եւ Ալի Զաայթեր:

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի Տարին

Յաջորդը

Աւարտելով Լիբանան Կատարած Իր Եռօրեայ Այցելութիւնը` Կութիերես Լիբանանի Վարիչներուն Թելադրեց Գործադրել Իրենց Խոստացած Երաշխիքները

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.