Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 21, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՅՍ տարուան մէջ նախընթաց մը կազմելով երէկ` երկուշաբթի, 20 դեկտեմբերին Լիբանանի մէջ տիրեց անձրեւներու տարափի փոթորկոտ կլիմայ, երբ ծովու մակերեսէն հազար մեթր եւ աւելի  բարձրութիւն ունեցող շրջաններ ծածկուեցան ձիւնով: Գիւղական շրջաններու ճամբաները փակուեցան, յատկապէս` Պեքաայի եւ հիւսիսի ու հարաւի մէջ: Ապահովական եւ պատկան մարմիններ զգուշացուցին բնակիչները` իրենց ինքնաշարժներուն անիւները օժտելու պատշաճ շղթաներով եւ սարքերով: Ըստ օդերեւութաբանական աղբիւրներու կլիման փոթորկոտ պիտի շարունակէ մնալ յառաջիկայ քանի մը օրերուն եւս:

ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քըսսաէյֆի երէկ կապ հաստատեց «Ասաս» լրատուական կայքի լրագրող Մոհամետ Պարաքաթի հետ` դատապարտելով անոր դէմ ուղղուած սպառնալիքները: Քըսսայֆի իր զօրակցութիւնը յայտնեց լրագրող Պարաքաթի եւ ապահովական ու դատական պատկան մարմիններուն կոչ ուղղեց հետապնդելու եւ բացայայտելու սպառնալիքներու ետին կանգնողները:

ՀԵՐՄԵԼԻ մէջ քաղաքացի մը զոհ գնաց երէկ, երբ անծանօթ զինեալներ քանի մը փամփուշտ արձակեցին անոր ուղղութեամբ եւ խոյս տուին: Ըստ նախնական տեղեկութեանց, դէպքը պատահած է վրէժխնդրական շարժառիթով:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան ծիրին մէջ գործող «Սպառողի պաշտպանութեան տնօրէնութիւնը» երէկ պատժական տուգանքներ տնօրինեց զանազան փռապաններու դէմ, որոնք մէկ կապ հացի կշիռքը խարդախուած կը վաճառէին: Նմանապէս, նշեալ տնօրէնութեան պաշտօնեաներ դրամական տուգանք տնօրինեցին այն կայարաններու սեփականատէրերուն դէմ, որոնք պենզինի վառելանիւթի 95 օքթանը 98-ի սակագինով կը վաճառէին, այսպիսով տասը հազար լիբանանեան ոսկիի ապօրինի շահ ապահովելով պենզինի իւրաքանչիւր թիթեղի վաճառքէն:

ԵՐԷԿ գիշեր զինեալ զօրաշարժի մթնոլորտ տիրած է պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ: Ըստ «Նաշրա» լրատուական կայքին` այդ մէկը հետեւանք է  պաղեստինեան Ֆաթհ եւ Համաս խմբաւորումներուն միջեւ տիրող լարուած հակադրութեան:

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ առողջապահական պատկան աղբիւրներ ամերիկացիներուն թելադրած են «Քորոնա» ժահրին պատճառով խուսափիլ ութ երկիրներ այցելելէ: Նշեալ ութ երկիրներէն մէկը Լիբանանն է:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Միջազգային Համայնքին Նեցուկը Հրամայական Է Լիբանանի Վերականգնումին»

Յաջորդը

Շարունակելով Լիբանան Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը` Կութիերես Վերահաստատեց Լիբանանի Օժանդակութեան Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.