Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Նիստերու Բացակայութեան. Հրատապ Հարցերը Կը Քննարկուին Զանոնք «Փոխարինող Այլընտրանքներով»

Դեկտեմբեր 23, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աուն. «Ընդունելի Չէ Դահլիճի Նիստէն Բացակայիլ, Երբ Կազմերը Լրիւ Են»

Տօնական օրերու սեմին լիբանանցիներու ապրուստի կենցաղային տարրական կարիքներու հատուցման պահանջը օր ըստ օրէ (եթէ ոչ ժամէ ժամ) կը շեշտուին, մինչ այդ ընկերային, տնտեսական թէ առողջապահական տարրական պահանջներու եւ հարցերու հարթումին համար նախատեսուող կառոյցները (սկսելով նախարարաց խորհուրդէն) հետզհետէ առաւել եւս կը կաղան ու կը կազմալուծուին: Առ այդ, հրամայական անհրաժեշտութիւն կը դառնայ հրատապ հարցերը լուծել կառավարութեան նիստերը «առժամապէս փոխարինող այլընտրանքային կառոյցներու ճամբով»: Այդ կառոյցներէն է Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը, որ երէկ` չորեքշաբթի, 22 դեկտեմբերին, ընդառաջելով նախագահ զօրավար Միշել Աունի կոչին, արտակարգ  նիստ մը  գումարեց: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին երկրի ընդհանուր իրավիճակը եւ յատկապէս քաղաքացիներու կենցաղային տարրական կարիքներու ու դժուարութիւններու հարթումի կարելիութիւնները: Այս գծով ժողովականները որոշեցին մինչեւ 31 մարտ 2022 երկարաձգել երկրին մէջ տիրող «առողջապահական ընդհանուր զօրաշարժը»: Նմանապէս օրակարգի վրայ էին տօնական օրերու ընթացքին որդեգրուելիք առողջապահական-կանխազգուշական միջոցառումներու կիրարկման խստապահանջ քայլերը:

Նախքան այս նիստը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դռնփակ խորհրդակցութիւն  մը ունեցան օրուան հրատապ հարցերուն շուրջ:

Այս առիթով նախագահ Աուն իր ընդվզումը արտայայտեց քաղաքացիներու տարրական կարիքներու լուծումը քաղաքական հաշիւներով «ճնշումի խաղաքարտի» վերածելու միտող կեցուածքներուն գծով: Ան ընդգծեց, որ խնդրայարոյց որեւէ հարց կարելի է լուծել եւ հարթել համապատասխան հաստատութիւններու ճամբով:  Նախագահը յիշեցուց, որ ինք ստիպուած չէ առանձնապէս ստորագրելու հրատապ հարցերու գծով շրջուն օրինագիծեր: Հանրապետութեան նախագահը «անընդունելի» նկատեց կարգ մը նախարարներու կառավարութեան նիստերէն բացակայութիւնը յօժար կամքով, երբ կարելի է լրիւ կազմով մասնակցիլ ժողովներուն:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ապահովական կառոյցներուն մէջ պաշտօնի որեւէ բարձրացումի կամ յանձնախումբերու կազմութեան պարագային անհրաժեշտ է յարգել այս գծով տիրող սկզբունքները: Նախագահը նաեւ թելադրեց հետապնդել եւ խստապահանջ ըլլալ այսպէս կոչուած կարգ մը ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու գործունէութեան գծով, մեկնելով այն տեղեկութիւններէն, ըստ որոնց այդ կազմակերպութիւնները ընկերային ծառայութեան պիտակին տակ արտաքին կողմերէ նիւթական գումարներ կը ստանան եւ կը գործեն ի սպաս նախատեսուող խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Իր կարգին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, անուղղակիօրէն պատասխանելով նախագահի առարկութիւններուն, յայտնեց, որ ինք կը խուսափի կառավարութիւնը նիստի հրաւիրելէ այն մտավախութեամբ, որ լարուած տրամադրութիւնները կրնան երկփեղկում յառաջացնել նախարարաց խորհուրդի կազմին մէջ:

Նոյն ծիրին մէջ, Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ կոչ ուղղեց երկրի գործադիր իշխանութիւնը` կառավարութիւնը հարցաքննութեան եւ հաշուետուութեան նիստի հրաւիրելու, մեկնելով այս կառոյցի ներքին կանոնագիրի թիւ 137 յօդուածի տրամադրութիւններէն:

Սահմանադրական Խորհուրդի «Որոշումին» Արձագանգները Կը Շարունակուին

Միւս կողմէ, ընտրութեանց գծով Սահմանադրական խորհուրդին առած «որոշումին» գծով երէկ թեր ու դէմ արձագանգները շարունակուեցան, ըստ իւրաքանչիւր կողմի քաղաքական ու գաղափարական դաւանանքին կամ պատկանելիութեան: Այս գծով Հզօր Լիբանան համախմբումի անդամ երեսփոխան Ղասսան Աթալլա երէկ պատկերասփռուած յայտարարութեամբ մը նշեց, թէ «այս եւ յարակից հարցերու շուրջ Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընդլայնուած հանդիպում պիտի ունենայ մամլոյ ներկայացուցիչներու եւ լրագրողներու հետ: Ըստ կարգ մը լրատուական աղբիւրներու, Պասիլ կրնայ այս առիթով «խզել» Հըզպալլայի հետ իր «դաշինքը», որ երկար ատենէ քրիստոնէական «հովանիի» դեր կատարած էր այս կուսակցութեան: Նոյն ծիրին մէջ, ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Հզօր Լիբանան համախմբումը պիտի «ջանայ» Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը պաշտօնանկ ընել, իբրեւ հակազդեցութիւն դատաւոր Թարեք Պիթարի հրաժարման կամ «հեռացման» պահանջին:

Այս մթնոլորտին մէջ անհաւանական կը թուի նախքան տարեվերջ կառավարութեան նիստի գումարում  կամ քաղաքական «արդիւնաւէտ, խոստմնալից» քայլի մը նախաձեռնութիւնը: Այս կարելիութիւնները առայժմ «առկախուած» են մինչեւ յառաջիկայ տարեսկիզբ, երբ ըստ կարգ մը իրազեկ ու հաւաստի աղբիւրներու, կը նախատեսուի, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ձեռնարկէ արաբական  շրջապտոյտի, ուր խիստ հաւանական է, որ առաջին կանգառը ըլլայ Սէուտական Արաբիան:  Նմանապէս, կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ տարեսկիզբին Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ սկսած բանակցութիւնները բաւարար ճամբայ կտրած ըլլան, ինչ որ կրնայ իր դրական անդրադարձը ունենալ Լիբանանի նիւթական դժուարութիւններու հարթումին վրայ:

Նախորդը

Աւարտելով Լիբանան Կատարած Իր Եռօրեայ Այցելութիւնը` Կութիերես Լիբանանի Վարիչներուն Թելադրեց Գործադրել Իրենց Խոստացած Երաշխիքները

Յաջորդը

«Ապշեցուցիչ Է, Որ Հայաստանի Վարչապետն Ու Ազրպէյճանի Նախագահը Բացայայտ Ճակատումի Փոխարէն Կառուցողական Մեկնաբանութիւններ Փոխանակած Են» Կ՛ըսէ Պորել

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?