Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահմանադրական Խորհուրդի Անորոշ «Որոշումը» Դուռ Բացաւ Զանազան Հարցականներու` Լիբանանի Իրավիճակին Եւ Յառաջիկայ Քայլերուն Գծով

December 22, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի Սահմանադրական խորհուրդը երէկ ձախողեցաւ թեր կամ դէմ քուէարկել ընտրութիւններու կայացման գծով` Ազգային ազատ հոսանքի ներկայացուցած վիճարկումին քննարկման ընթացքին:

Արդարեւ, տասը անդամներէն 7-ին մեծամասնութիւնը պահանջող վիճարկումին գծով վեց թեր եւ չորս դէմ արդիւնքով կարելի չեղաւ յստակ որոշում գոյացնել, եւ հարցը մնաց առկախ: Փաստօրէն, նշեալ խորհուրդի նախագահ դատաւոր Թաննուս Մըշլեպ մամլոյ ասուլիս մը տալով փորձեց «պարզել» խորհուրդին կեցուածքը` հաստատելով, որ ոչ ոք իրեն հետ կապ պահած է նախքան այս հարցին քննարկումը: «Կրնայ ըլլալ, որ որոշ կապեր հաստատուած ըլլան խորհուրդի կարգ մը անդամներուն հետ, սակայն կը հաւաստեմ, թէ որեւէ «պայմանագրութիւն» կը բախի այս խորհուրդի դռներուն», ընդգծեց Մըշլեպ:

Խորհուրդի նիստի այս արդիւնքի լոյսին տակ կը նախատեսուի, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կայանան: Կը մնայ ընտրութիւններու կայացման թուականի ճշդումը` մա՞րտ, թէ՞ մայիս 2022-ին կայացնելու գծով: Այս մասին նախագահ Աունի կեցուածքը յստակ է. ան նախապէս յայտարարած էր, թէ կը միտի ընտրութիւնները մայիսին կայացնել եւ ըստ այնմ ստորագրել առնչակից օրինագիծը: Կարգ մը աղբիւրներ այս գծով անհրաժեշտ նկատեցին, որ կառավարութիւնը վերսկսի իր նիստերուն եւ որոշէ ընտրութիւններու կայացման թուականը: Սակայն ըստ նախկին նախարար Զիատ Պարուտի, ընտրութեանց թուականի ճշդումին համար կառավարութեան նիստի գումարում անհրաժեշտ չէ: Ըստ Պարուտի, ներքին գործոց նախարարը կրնայ վճռել այս մէկը:

Սակայն…

Սահմանադրական խորհուրդի «անորոշ» որոշումի տողընդմէջ ընթերցումը կը պարզէ, թէ արտերկրի լիբանանցիները պիտի քուէարկեն ընտրելու համար 128 երեսփոխաններ: Աւելի՛ն, ըստ իրազեկ աղբիւրներու, 17 հոկտեմբեր 2019-ին բռնկած ժողովրդային շարժումի հետեւորդներ կրնան 18-20 թեկնածուներ ընտրել ի նպաստ իրենց շարժումին: Ուշագրաւ է, որ արտերկրի  6416  լիբանանցիներ պիտի քուէարկեն Պաթրունի ընտրաշրջանին մէջ, ինչ որ կրնայ «որոշիչ» դեր ունենալ շրջանի թեկնածուներու ընտրութեան գծով, ուր թեկնածու է նաեւ Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ:

Այս կապակցութեամբ թեր եւ դէմ կեցուածքներ դրսեւորուեցան, ուր ոմանք ի սպաս «հակադիր ցուցարարներու յաղթանակ» նկատեցին Սահմանադրական խորհուրդի որոշումին մէջ: Իսկ այլ կողմեր «գնդակը» նկատեցին խորհրդարանի «դաշտին» մէջ, ուր հաւանական կը նկատուի, որ նոյնինքն խորհրդարանը վերատեսութեան ենթարկէ ընտրական օրինագիծին գծով իր առաջադրած փոփոխութիւնները… Աւելի՛ն, կարգ մը ծայրայեղականներ կամ յոռետեսներ մտավախութիւն յայտնեցին «նոր 7 մայիս»-ի մը հրահրման կամ մինչեւ իսկ կարգ մը անձնաւորութիւններու դէմ ահաբեկչական գործողութիւններու հաւանականութեան գծով:

Անկախ այս կեցուածքներէն, ուշագրաւ է, որ կողմերուն մեծամասնութիւնը տիրող իրավիճակի «փոփոխութիւն» կը սպասէ: Այդ փոփոխութիւնը կրնայ իրականանալ ընտրութեանց կամ Թաէֆի եւ Տոհայի ժողովներուն օրինակով միջլիբանանեան նոր ժողովի մը ընթացքին, ուր սակայն ինչպէս միշտ` դարձեալ տիրական ըլլայ «Ո՛չ պարտեալ-ո՛չ յաղթական»-ի տարազը: Հոսկէ` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին Լիբանան քառօրեայ այցելութիւնը, որուն խորհրդակցութեանց մանրակրկիտ «ընթերցումը» որոշ լուսաբանութիւններ կրնայ տալ Լիբանանի յառաջիկայ խորհրդարանական թէ նախագահական ընտրութեանց, սուրիացի տեղահանուածներու կարգավիճակին, հարաւային Լիբանանի ջրային սահմանագծումի «ճակատագիրին» (որուն առնչութեամբ վերջերս տեղեկութիւններ շրջեցան ՄԱԿ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան եւ տեղակայման ընդլայնումին գծով ) եւ այլ հարցերու կապակցութեամբ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստի Գումարման

Յաջորդը

Ֆրանսայի Նախագահական Թեկնածու Վալերի Փեքրես Հայաստան Այցելեց

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.