Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Լորենցօ Կուերինի եւ անոր ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւնը շաբաթավերջին այցելեց Լիբանան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթա Պոմպարիերի:
Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ` Լիբանանի կողքին կանգնելու եւ ամէն իմաստով անոր զօրակցելու առիթով:
Վարչապետ Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ իտալական զօրամասին` հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմելու եւ Լիբանանի կայունութեան ի խնդիր զոհողութիւններ մատուցելու առիթով:
Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, ինչպէս նաեւ նախանձախնդիր` անոր կապուած միջազգային բոլոր որոշումներն ու բանաձեւերը գործադրելու:
Կուերինի հաստատեց, որ Իտալիոյ համար Լիբանանը կարեւոր երկիր է` աւելցնելով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմող իտալական զօրամասին ներկայութիւնը եւս կը փաստէ այս իրականութիւնը` նկատի ունենալով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարներէն 4-ը իտալացիներ են:
Կուերինի շեշտեց, որ Իտալիա կը զօրակցի վարչապետ Միքաթիի ջանքերուն` Լիբանանէն պահանջուած բարեկարգումները գործադրելու առումով:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանան ամբողջովին կրնայ Իտալիոյ վստահիլ` Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ կատարուելիք բանակցութիւններուն զօրակցութեան առումով:
«Իսկ լիբանանեան բանակին մեր օժանդակութիւնը իր կարգին ամբողջական օժանդակութիւն է, եւ ճիգ պիտի չխնայենք, որ այդ օժանդակութիւնը շուտով հասնի Լիբանան», ըսաւ Կուերինի:
Սլիմ–Կուերինի Հանդիպում
Պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմ ընդունեց իտալացի իր պաշտօնակիցը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Սլիմ հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, կը փափաքի Լիբանանի եւ Իտալիոյ միջեւ զինուորական գործակցութիւնը ամրապնդել, ինչպէս նաեւ կը գնահատէ իտալական զօրամասին կատարած աշխատանքը` հարաւային Լիբանանի մէջ սահմանային խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը պաշտպանելու իմաստով:
Սլիմ նշեց, որ Լիբանան յանձնառու է, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը իրենց պարտականութիւնը հեզասահ եւ ամբողջական կերպով կատարեն:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք Լիբանան ուղարկած անոր օժանդակութիւններուն համար:
Ան դրուատեց դեսպան Պոմպարտիերի ճիգերը` երկկողմանի յարաբերութիւնները, լիբանանեան ու իտալական ծովուժերուն գործակցութիւնը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ծովային սահմաններու քարտէսները պատրաստելու համար:
Կուերինի շեշտեց, որ Իտալիա նախանձախնդիր է Լիբանանի նկատմամբ իր յարաբերութիւնները ամրապնդուած պահելու, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պարտականութիւններուն մաս կազմելու:
Ան նախարար Սլիմը հրաւիրեց Իտալիա` շարունակելու համար երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական գործակցութիւնը քննարկելու հեռանկարները:
Կուերինի այցելեց նաեւ հարաւային Լիբանան, ուր ստուգեց իտալական զօրամասին կեդրոնատեղին, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ընդհանուր հրամանատարութեան Նաքուրայի կեդրոնը:
ՆՇԵՆՔ, որ Սլիմ երէկ մեկնեցաւ Իրաք: Պաղտատ կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Սլիմ փոխադարձ գործակցութեան համաձայնագիր պիտի ստորագրէ իրաքցի իր պաշտօնակիցին հետ: