Լիբանան 2022 Մուտք Գործեց Քաղաքական Լարուածութեան Եւ Տնտեսական Սուր Տագնապի Մթնոլորտին Մէջ
Լիբանան դէպի 2022 մուտք գործեց քաղաքական նոյնքան լարուածութեամբ, քաղաքական սուր կեցուածքներով, լիբանանեան դրամանիշի յաւելեալ արժեզրկումով` ամերիկեան տոլարի սակը բարձրացաւ 29.000 լ. ոսկիի, ինչպէս նաեւ «Քորոնա» համաճարակի տարածումով: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն եւ Լիբանանի մէջ ապրող այլ քաղաքացիներուն «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստուելու` վարակուածներուն արձանագրած թիւի բարձրացումին լոյսին տակ: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ քաղաքացիներն ու բնակիչները ընդառաջեն...



















