Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Վերանորոգեց Ազգային Երկխօսութեան Իր Հրաւէրը

Դեկտեմբեր 28, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ, 25 դեկտեմբեր 2021-ին այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ, որուն յայտնեց իր բարեմաղթութիւնները, ինչպէս նաեւ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած հարցերն ու տագնապները:

Դռնփակ հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն մաղթեց, որ լիբանանցիները աւելի լաւ պայմաններու մէջ տօնեն Ս. Ծնունդը` նկատել տալով, որ ինք միայն այդ յայտարարութեամբ պիտի բաւարարուի եւ աւելի ընդարձակ խօսք մը պիտի արտասանէ երկուշաբթի գիշեր:

Ապա նախագահ Աուն ներկայ գտնուեցաւ Ս. Ծննդեան առիթով մատուցուած Ս. պատարագին, որուն նախագահեց Ռայի պատրիարքը:

Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ նախագահ Աուն կարենայ միջոցները գտնել, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը փրկել զայն առեւանգողներէն:

Ան լիբանանցի պատասխանատուներէն պահանջեց վերջ տալ լիբանանցիները չարչարելու ոճիրին:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ նախագահ Աուն նոր նախաձեռնութիւններ պէտք է առաջադրէ` փրկելու համար Լիբանանը եւ որդեգրելու համար չէզոքութեան ծրագիրը:

Նշենք, որ Ֆրանչիսկոս պապը իր կարգին Ս. Ծննդեան պատգամը ուղղած ընթացքին յիշած էր Լիբանանը եւ անոր դիմագրաւած դժուար կացութիւնն ու իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով վկայած նման խիստ տագնապը:

Երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նախագահ Աուն արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որ խորքին մէջ անկեղծանալու ուղերձ էր` յղուած լիբանանցիներուն:

Ան նշեց, որ ինք շատ մեղադրանքներ եւ հարցադրումներ լսած է` արձանագրուած իրադարձութիւններուն մասին ժողովուրդը տեղեակ չպահելու իմաստով: «Իրականութեան մէջ, այդ մասին յայտարարած եմ ու այդ նիւթերը արծարծած, սակայն առանց փափաքելու, որ հարցերը բարդանան: Սակայն այսօր կարիքը կայ աւելի յստակ խօսելու, որովհետեւ վտանգները հետզհետէ աւելի կը մեծնան եւ կը սպառնան հայրենիքի միասնականութեան: Այն ինչ որ կը վկայենք եւ որուն մասին կը լսենք` շրջանային զարգացումներուն առումով, այդ վտանգները յաւելեալ յստակութեամբ մատնացոյց կ՛ընեն», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան շեշտեց, որ իր իշխանութեան ամբողջ ընթացքին նախընտրած է հարցերն ու տագնապները լռութեամբ լուծել: «Երբեմն յաջողած եմ, սակայն երբեմն հարցերուն լուծումը կարելի չէ եղած: Ճիգ չխնայեցի երկրին ամբողջական փլուզումը կասեցնելու առումով, եւ հրաւիրեցի աւելի քան հանդիպումի մը ու խորհրդաժողովի մը, առաջարկեցի լուծումներ, սակայն ներկայ վարչակազմը մերժեց իւրաքանչիւր առաջարկ` կառչած մնալով իր շահերուն, առանց մտածելու ժողովուրդի շահերուն մասին», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանի տնտեսական կացութեան փուլ գալուն լոյսին տակ երկխօսութեան կոչ ուղղած է անոնց, որոնք փողոց իջած էին, անոնք դարձեալ մերժեցին ընդառաջել` պահուըտելով «Բոլորը, այսինքն` բոլորը» կարգախօսին ետին:

«Այսօր կը վերանորոգեմ ազգային երկխօսութեան հրաւէրս, որ ուղղուած է իր հայրենիքը փրկել փափաքող իւրաքանչիւր լիբանանցիի», ընդգծեց հանրապետութեան նախագահը:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի միասնականութեան, ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ իր կառչածութիւնը, 1990-ին մղած է զինք դիմադրելու լիբանանեան պետութեան տիրանալու բոլոր փորձերուն, «սակայն արտաքին եւ ներքին շահերը մեղսակցեցան եւ աւելի հզօր դուրս եկան: Այդ իրականութենէն ետք, Լիբանան 15 տարի օժտուեցաւ կառավարական քաղաքական եւ ելեւմտական այնպիսի վարչակարգով մը, որ գերիշխանութիւն չունէր եւ փտածութեան վրայ հիմնուած էր», աւելցուց ան:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ 2005-ին, Լիբանան վերադառնալէ ետք դրական վարուելակերպ ցուցաբերած է եւ ուզած է հարցերը լուծել` հիմնուելով սահմանադրութեան վրայ:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանի փլուզումին զուգահեռ ինք անձնատուր չէ եղած եւ կը մերժէ ըլլալ: «Տակաւին կը հաւատամ, որ Լիբանանի տագնապին լուծումը կարելի է Լիբանանի Ազգային ուխտին շրջագիծին մէջ: Լուծումը նախ եւ առաջ կը կայանայ հաշուետուութեան կանչելու, պատասխանատուութիւնները ճշդելու, դրամատուներուն մէջ պահ դրուած ժողովուրդին գումարները պաշտպանելու եւ զանոնք իրենց իրաւատէրերուն վերադարձնելու, քաղաքացիական պետութիւն կառուցելու մէջ` հիմնուելով նոր վարչակարգի մը վրայ, որն է վարչական եւ ելեւմտական ապակեդրոնացեալ դրութեան որդեգրումը: Իսկ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է ըլլան այս բոլորը իրականացնելու հանրաքուէն», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն դիտել տուաւ, որ ճիշդ է այն իրականութիւնը, թէ հայրենիքի պաշտպանութիւնը բանակին, ժողովուրդին եւ Դիմադրութեան միջեւ համագործակցութիւն կ՛ենթադրէ, սակայն հիմնական պատասխանատուութիւնը պետութեան կը պատկանի: «Պաշտպանութեան ռազմավարութեան մշակումն ու անոր գործադրութեան հսկողութիւնը միայն պետութեան պատասխանատուութիւնն է, իսկ ծրագրուած ու կանխամտածուած կերպով աշխատանքները արգելակելու քայլերուն պէտք է վերջ տալ, որովհետեւ անոնք արդարացուած չեն եւ կը միտին կազմաքանդել հաստատութիւններն ու լուծել պետութիւնը», եզրափակեց ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք կը փափաքի, որ արաբական երկիրներուն եւ մանաւանդ Ծոցի երկիրներուն հետ Լիբանան լաւագոյն յարաբերութիւնները ունենայ:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց Ազգային երկխօսութեան նիստ մը գումարելու` հիմնական երեք հարցերու շուրջ համաձայնելու նպատակով: Անոնք են. վարչական եւ ելեւմտական ապակեդրոնացեալ դրութիւն, պաշտպանութեան ռազմավարութիւն եւ ելեւմտական ապաքինման ծրագիրի մշակում:

Ան նշեց, որ հանրապետութեան նախագահը քննադատելը դիւրին է, որովհետեւ անոր իրաւասութիւնները սահմանափակ են: «Սակայն պէտք է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ ճշմարտութիւնները չեն ըսուիր: Փափաքեցայ անկեղծացումի ուղերձ մը յղել եւ կը յուսամ, որ չեմ ստիպուիր աւելին ըսել», աւելցուց ան:

Նախորդը

Իտալիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Լիբանան

Յաջորդը

Յ. Բագրատունի Պըրրիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Մայիս 15, 2025
Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի  Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի  Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած  Մնալու Իրենց Հողին
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած Մնալու Իրենց Հողին

Մայիս 15, 2025
Ֆատլալլա. «Դիմադրող Հըզպալլան Լիբանանեան  Ժողովուրդի Մէկ Հիմնական Մասն Է, Եւ Որեւէ Ուժ  Չի Կրնար Ազդել Անոր Ներկայութեան Վրայ»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Դիմադրող Հըզպալլան Լիբանանեան Ժողովուրդի Մէկ Հիմնական Մասն Է, Եւ Որեւէ Ուժ Չի Կրնար Ազդել Անոր Ներկայութեան Վրայ»

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?