Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, յատկապէս տնտեսական եւ ընկերային տագնապն ու ապրուստի վերաբերող խնդիրները:
Լիբանանեան իրադարձութիւններուն շրջագիծին մէջ ընդգծուեցան կառավարութեան նիստ գումարելու կարեւորութիւնը, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան շարունակութիւնն ու յանցագործներու բացայայտումը, յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի արտակարգ նստաշրջան ճշդելու հարցը: