ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես երէկ յետմիջօրէին քառօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Կութիերես դիմաւորուեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի, ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Ամալ Մտալլալիի եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի կողմէ:
Օդակայանին մէջ Կութիերես բաւարարուեցաւ ըսելով, որ ասիկա դէպի Լիբանան իր առաջին այցելութիւնը չէ` աւելցնելով, որ այս այցելութեան նպատակն է զօրակցիլ լիբանանցիներուն:
Երեկոյեան ժամը 5:10-ին Կութիերես հասաւ Պաապտա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ:
Մէկ ժամէ աւելի տեւած հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն եւ Կութիերես նախագահական պալատէն տուին մամլոյ միացեալ ասուլիս մը, որուն ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ կայ խոր գործակցութիւն, որուն արմատները կ՛երկարին մինչեւ կազմակերպութեան հիմնադրութեան օրերը` 1945, նկատի ունենալով, որ Լիբանան ՄԱԿ-ի հիմնադիր 50 երկիրներէն է, ինչպէս նաեւ 1948-ին մասնակցած է Մարդկային իրաւունքներու հռչակագիրի մշակումին:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ 1948-էն սկսեալ Լիբանանը հարուածած տարբեր տագնապներուն ընթացքին, պաղեստինցի գաղթականներուն Լիբանան ժամանումէն մինչեւ օրս ՄԱԿ եղած է զօրակցութեան ազդակ մը, ինչպէս նաեւ երկրին կայունութեան հսկող հեղինակութիւն մը, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերով եւ Լիբանանի մէջ իր բարգաւաճման գրասենեակի աշխատանքով:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ շրջանցելու համար իր տագնապը: «Մշակուած է տնտեսութեան ապաքինման ծրագիր` ներկայացուելու համար Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ անոր շուրջ բանակցելու, ինչպէս նաեւ աշխատանք կը տարուի գործադրելու շարք մը բարեկարգումներ` տնտեսական, ելեւմտական եւ վարչական մարզերուն մէջ», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ յառաջիկայ գարնան Լիբանան պիտի վկայէ երեսփոխանական ընտրութիւններ, որոնց պարկեշտութեան եւ թափանցիկութեան համար ամէն ինչ պիտի ապահովուի, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանցիներուն իսկական կամքը արտայայտել` իրենց ընտրելիք երեսփոխաններուն առումով: «Կ՛ողջունենք ՄԱԿ-ի կողմէ իրականացուելիք որեւէ դերակատարութիւն` լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ գործակցաբար հետեւելու այս ընտրութիւններու կայացումին», ըսաւ նախագահ Աուն:
Ան նկատել տուաւ, որ Կութիերեսի հետ քննարկած է Լիբանանի տնտեսական, ելեւմտական եւ ապրուստի վատ պայմանները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարն ու անոր նկատմամբ տարբեր մօտեցում ցուցաբերելու կարեւորութիւնը: «Անհրաժեշտ է, որ միջազգային ընտանիքը ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնները եւ քաջալերէ տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կը պահպանէ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը քաջալերելով, մինչդեռ Իսրայէլ կը շարունակէ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ իր ոտնձգութիւնները:
«Լիբանան կառչած կը մնայ իր գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ բնական հարստութիւնները օգտագործելու իրաւունքին, յատկապէս ինչ կը վերաբերի լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող կազի եւ նաւթի հորերուն: Լիբանան պատրաստ է շարունակելու ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները», շեշտեց հանրապետութեան նախագահը:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ին եւ Լիբանանի մէջ գործող անոր բոլոր կառոյցներուն` անոնց գործադրած ջանքերուն համար:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Կութիերեսին` Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած մնայուն զօրակցութեան համար:
Իր կարգին, Կութիերես հաստատեց, որ նախագահ Աունի հետ իր հանդիպումը յաջող ընթացած է` աւելցնելով, որ նախագահ Աունին ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի եւ միջազգային ընտանիքի գնահատանքը` Լիբանանի մէջ մեծաթիւ սուրիացի տեղահանուածներ հիւրընկալելու համար:
Կութիերես յայտնեց, որ տեղահանուածները ընդունելու ընթացքին լիբանանցիները եղած են սրտբաց եւ շռայլ, «մինչդեռ միջազգային ընտանիքը բաւականաչափ օժանդակութիւն չէ տրամադրած Լիբանանին, ինչպէս էր պարագան Յորդանանի եւ այլ երկիրներուն, որոնք իրենց դռները բացին Սուրիոյ տագնապէն ճողոպրած տեղահանուածներուն դիմաց», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կարգ մը հարուստ երկիրներ տեղահանուածներուն դիմաց փակեցին իրենց դռները:
Կութիերես Պաապտայէն յայտնեց, որ Լիբանան շատ դժուար պայմաններ կը դիմագրաւէ, եւ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին ամրապնդելու անոր նկատմամբ իր զօրակցութիւնը:
Ան շեշտեց, որ ինք Լիբանան կ՛այցելէ իրեն հետ ունենալով պարզ պատգամ մը, թէ ՄԱԿ կը զօրակցի լիբանանցիներուն:
Կութիերես կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն միասնաբար գործելու` լուծելու համար երկիրը յուզող տագնապը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին ամրապնդելու Լիբանանի օժանդակութիւնը:
«Յառաջիկայ տարուան ընթացքին Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւնները անկիւնադարձային պիտի ըլլան, իսկ լիբանանցիները պէտք է վճռականութեամբ մասնակցին անոնց` կատարելու համար երկրին զարգացումն ու բարգաւաճումը ապահովող ընտրանքը», հաստատեց ան:
Կութիերես շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին եւ ապահովական այլ կառոյցներուն տրամադրուած միջազգային օժանդակութիւնները պիտի շարունակուին, որովհետեւ անոնք հիմնական են երկրին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու: ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր երկիրներուն կոչ կ՛ուղղեմ շարունակելու եւ յաւելեալ օժանդակութիւններ տրամադրելու», եզրափակեց ընդհանուր քարտուղարը:
Կութիերես Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը պիտի շարունակէ մինչեւ չորեքշաբթի, 22 դեկտեմբեր 2021: