Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 29, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2280 վարակուածներ եւ մահացած 15 ուրիշներ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 27.550 լ. ոսկիի սահմանը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շնորհաւորագիր մը ստացաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիէն, որ բարեմաղթութիւններ ուղղած էր` Նոր տարուան առիթով: Սիսի Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն բարգաւաճում մաղթած էր` յուսալով, որ 2022-ին Լիբանան յառաջդիմութեան եւ զարգացումի նոր փուլի մը կը սկսի` իր դիմագրաւած դժուարութիւններէն եւ մարտահրաւէրներէն ետք:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 10.800 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 11.400 լ. ոսկիով, մազութը` 900 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին շիշը` 1400 լ. ոսկիով: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 335.800 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 347.800 լ. ոսկի, մազութը` 336.200 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազի շիշը` 298.600 լ. ոսկի:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Ամին Սալամ յայտնեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները բաւական յառաջդիմած են եւ զարգացման փուլի մէջ կը գտնուին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզզէտտին Սուրի մէջ ընդունեց Համասի մէկ պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին վերահաստատուեցաւ, որ Պաղեստինեան դատը միշտ եղած է իրենց կողմնացոյցը եւ այդպէս ալ պիտի մնայ: Իզզէտտին յայտնեց նաեւ, որ կան որոշ ուժեր, որոնք կը փորձեն երկրին ապահովական կայունութիւնը խախտել` հարուածելով լիբանանեան եւ պաղեստինեան քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ ակնարկելով վարչապետ Միքաթիի կատարած այն յայտարարութեան, որ «պատերազմի մէջ ենք, եւ պատերազմի ընթացքին սպաները չեն փոխեր», ըսաւ. «Սպաներդ մահացած են` իրենց հետ սպաննելով զինուորները»:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի յղած երկխօսութեան հրաւէրը հիմք է, սակայն կարեւորագոյնը կը մնայ այն, որ կառավարութիւնը նիստ մը գումարէ, որպէսզի երեսփոխանական ընտրութիւններէն առաջ սկսի միջազգային հաստատութիւններուն հետ բանակցիլ:

 

Նախորդը

Ծածուկ Ծիրանի Յամառ Տունկը Հոգեւոր

Յաջորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Ժազանի Վրայ Գործուած Ահաբեկչական Յարձակումը …

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?