Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ստորագրեց Ընտրական Խորհուրդները Աշխատանքի Հրաւիրելու Հրամանագիրը

December 30, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ստորագրեց ընտրական խորհուրդները աշխատանքի հրաւիրելու հրամանագիրը, որուն համաձայն`

– Լիբանանի տարածքին երեսփոխանական ընտրութիւններուն քուէարկութիւնը պիտի կատարուի 15 մայիս 2022-ին,

– Երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպող պաշտօնէութեան քուէարկութիւնը տեղի կ՛ունենայ 12 մայիս 2022-ին,

– Արտերկրի լիբանանցիներուն համար ճշդուած քուէարկութեան օրերն են ուրբաթ, 6 եւ կիրակի, 8 մայիս 2022-ը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան սկսած ծրագիրներուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան մարզը բարելաւելու իմաստով մշակուելիք ռազմավարութիւնները, որոնք պիտի որդեգրուին Ելեկտրականութեան ընկերութեան կողմէ` աւելցնելու համար ելեկտրական հոսանքի մատակարարման ժամերը:

Ֆայեատ նախագահ Աունին ներկայացուց Եգիպտոսէն կազը Լիբանան հասցնելու գործողութիւնը` հաստատելով, որ այդ կազը Լիբանան փոխադրելու արդիւնքը պիտի ըլլայ 8 ժամուան յաւելեալ ելեկտրականութիւն մատակարարել Լիբանանին: «Իսկ Յորդանանէն ելեկտրականութեան Լիբանան փոխադրութեամբ կարելի պիտի ըլլայ երկու ժամ յաւելեալ ելեկտրական հոսանք մատակարարել: Այսինքն` 10 ժամ յաւելեալ ելեկտրականութիւն մատակարարել քաղաքացիներուն», ըսաւ Ֆայեատ:

Հանդիպումին ընթացքին ան նախագահ Աունը տեղեակ պահեց նաեւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող թիւ 9 նաւթահորի եւ բնական կազի պեղումներուն վերաբերող մանրամասնութիւններուն մասին:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարար Ժիհատ Ազուր եւ Մարոնի միաբանութեան աբբահայր հայր Նաամթալլա Հաշեմ:

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւը Շատ Արագ Կերպով Կը Բարձրանայ. Առողջապահութեան Եւ Ներքին Գործոց Նախարարները Կը Զգուշացնեն

Յաջորդը

«Ռուսիան Աշխուժօրէն Աջակցած Է Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.