Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Սէուտական Արաբիա Զօրակցեցաւ Ահաբեկչութեան. Ան Միացեալ Նահանգներու Գործընկերն Է` Շրջանին Դէմ Մղուած Համաշխարհային Պատերազմին Առումով»

Յունուար 4, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը` Քասեմ Սիւլէյմանիի եւ Ապու Մեհտի Մուհանտեսի նահատակութեան Բ. տարելիցին առիթով:

Իր արտասանած խօսքին մէջ սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութիւնը կարեւոր է, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան երկխօսութիւն կատարելու առաջարկն ու կոչերը կարեւոր են:

Ան հաստատեց, որ իրենք յանձնառու են իրենց դաշնակիցներուն եւ բարեկամներուն հետ յարաբերութիւնները պահպանելու, ինչպէս նաեւ կառչած կը մնան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ փոխըմբռնումի համաձայնագիրը գործադրելու եւ պատրաստ են այդ համաձայնագիրը զարգացնելու ու ամրապնդելու առումով` իրականացնելու համար ազգային շահերը:

Ան նկատել տուաւ, որ ներքին լիբանանեան առումով յառաջիկայ օրերուն ինք ելոյթներ պիտի ունենայ եւ այդ մասին մանրամասն անդրադառնայ:

Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ Սիւլէյմանիի եւ Մուհանտեսի նահատակութեան հետեւանքները մինչեւ օրս շօշափելի են` աւելցնելով, որ Իրաք պէտք է յստակ կեցուածք ունենայ դահիճին եւ նահատակին մասին: «Միացեալ Նահանգներն են, որոնք բռնագրաւեցին Իրաքը եւ սպանդներ գործեցին` նախքան Սիւլէյմանիի սպանութիւնը: Միացեալ Նահանգներն են, որոնք ստեղծեցին ՏԱՀԵՇ-ը եւ անոնք են, որ կը կրեն ՏԱՀԵՇ-ի գործած բոլոր սպանութիւններուն պատասխանատուութիւնը: Միացեալ Նահանգներն են պատմութեան մէջ անկրկնելի սպաննողները, իսկ Սիւլէյմանի մնայուն կերպով իրաքցիներուն նեցուկ կանգնած է եւ օժանդակած Դիմադրութեան հիմնադրութեան», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա օժանդակեց ՏԱՀԵՇ-ին` շեշտելով, որ անիկա ահաբեկիչներ եւ ականուած ինքնաշարժները կ՛առաքէր Իրաք:

«Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանն էր, որ յայտնեց, թէ ամերիկացիները իրմէ պահանջած են շրջանին մէջ ուահապականութիւն տարածել», շեշտեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա զօրակցեցաւ ահաբեկչութեան` Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ:

Ան ընդգծեց, որ Սիւլէյմանիի եւ Մուհանտեսի սպանութիւնը գործողները պիտի պատժուին: «Սէուտական Արաբիա զօրակցեցաւ ՏԱՀԵՇ-ին եւ հաւատադրժողականներուն: Մենք վարժ չենք Սէուտական Արաբիոյ վրայ յարձակելու, սակայն ան Միացեալ Նահանգներու գործընկերն է` շրջանին դէմ մղուած համաշխարհային պատերազմին առումով:

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի ընկերային ցանցերուն վրայ գրառումով մը պատասխանեց սէյիտ Նասրալլային:

«Դարուս Ապի Ռիղալի (դաւաճանութեան խորհրդանիշ արաբ անձնաւորութիւն) զրպարտութիւններն ու սուտասանութիւնները կարելի չէ ծածկել գիշերով, նոյնիսկ եթէ ան երկարատեւ ըլլայ», գրեց Պուխարի:

Իր կարգին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Սէուտական Արաբիոյ դէմ սէյիտ Նասրալլայի յայտարարութիւնները Լիբանանի կառավարութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներու մեծամասնութեան կեցուածքը չեն ներկայացներ:

«Մենք միշտ կոչ ուղղած են Լիբանանը զերծ կացուցելու արաբական տարակարծութիւններէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ արաբական երկիրներու, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութեան չվնասելու: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով կոչ կ՛ուղղենք, որ երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը Լիբանանի ազգային երկխօսութեան նիւթ դառնայ, որպէսզի Լիբանանին խնայէ տարբեր հետեւանքներ», հաստատեց Միքաթի:

Վարչապետը կոչ ուղղեց քաղաքական եւ համայնքային լարուածութիւններուն վերջ տալու եւ լիբանանցիները փրկելու:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ասիրի. «Սէուտական Արաբիա Դժգոհ Է Լիբանանին Իշխող Դասակարգէն»

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?