Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն նախագահեց Ֆուատ Շեհապի անուան սպայից վարժարանին մէջ տեղի ունեցած վկայագիրներու բաշխումին, որուն ընթացքին վկայագիրներ ստացան այն սպաները, որոնք հետեւած էին փտածութեան դէմ պայքարի վարժանիստերուն:
Զօր. Աուն ընդգծեց թափանցիկութեան կարեւորութիւնը` բուժելու համար փտածութեան ախտը:
Ան շեշտեց, որ բանակի հրամանատարութեան կողմէ կազմակերպուած այս վարժանիստերուն նպատակն է մշակել յստակ ռազմավարութիւն, որուն խորագիրն է թափանցիկութիւնը, պարկեշտութիւնը, հաշուեքննութիւնն ու հաշուետուութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատութենական չափանիշներու գործադրութիւնը:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ բանակը կ՛որդեգրէ ատակութեան չափանիշը եւ անիկա իր կառոյցը հեռու կը պահէ քաղաքական տարակարծութիւններէ ու միջամտութիւններէ:
«Բանակին որդեգրած այս սկզբունքներուն շնորհիւ է, որ անոր նկատմամբ շրջանային եւ միջազգային վստահութիւնը կ՛ամրապնդուի», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն հաստատեց, որ բանակին տրամադրուած օժանդակութիւնները իրենց կարգին պարկեշտութեամբ ու արդարութեամբ կը բաշխուին եւ այդ պատճառով անոնք դրական ազդեցութիւն կ՛ունենան բանակայիններու գոյատեւումին առումով:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին միասնականութիւնը եւ գոյատեւումը մարտահրաւէրներուն դիմաց հիմնական է` Լիբանանի պատմութեան այս զգայուն փուլին ընթացքին:



