Սիսի Ընդգծեց Եգիպտոսի Ամբողջական Զօրակցութիւնը Լիբանանին
Ընդառաջելով Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հրաւէրին` վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ մեկնեցաւ Շարմ Շէյխ` մասնակցելու համար «Երիտասարդական համաշխարհային Դ. ֆորում»-ին: Վարչապետ Միքաթի ընդունուեցաւ նախագահ Սիսիի կողմէ: Սիսի ընդգծեց Եգիպտոսի ամբողջական զօրակցութիւնը Լիբանանին, յատկապէս նկատի ունենալով անոր ներկայ տագնապալի իրավիճակը: Նախագահ Սիսի հաստատեց, որ Եգիպտոս պատրաստ է եգիպտական կազը Լիբանան հասցնելու` ըստ Լիբանանի հետ ստորագրուած համաձայնագիրներուն: Ան հաստատեց, որ ինք իր...


















