ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3153 վարակուածներ եւ մահացած 15 ուրիշներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 27.600 լ. ոսկիի սահմանը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Լիբանան Հըզպալլայի եւ Իրանի կողմէ առեւանգուած երկիր մըն է` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի զէնքը ուղղուած է լիբանանցիներուն, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եմէնի կուրծքին:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ իբրեւ կուսակցութիւն իրենք մտահոգ չեն երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքներով, այլ` ինքնավստահ են, որովհետեւ այդ արդիւնքները պիտի ամրապնդեն իրենց ներկայութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Համասի մէկ պատուիրակութեան հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ պաղեստինեան իրադարձութիւնները, որոնց լոյսին տակ Հարիրի հաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին բոլոր այն հանգամանքներուն եւ նախաձեռնութիւններուն, որոնք կ՛ամրապնդեն պաղեստինցիներուն միասնականութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Տարուիշ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի նախանցեալ օրուան յայտարարութիւնները կը միտէին հանդարտեցնել կացութիւնը: Ան հաւանական նկատեց, որ ըլլան կարգ մը արտաքին տուեալներ, որոնք կ՛օժանդակեն ներքին լիբանանեան երկխօսութիւնը յստակացնելու եւ բարելաւելու:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ ոմանք տակաւին աչք կը խփեն կառավարութեան աշխատանքը արգելակող պատճառներուն մասին, եւ իրենք անհրաժեշտ կը նկատեն այդ պատճառներուն վերացումը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքի Իքլիմ Խարրուպի մասնաճիւղերը երէկ կատարեցին միացեալ հանդիպում մը, որուն ընթացքին հաստատեցին, որ իրենց գործակցութիւնը կը շարունակուի` ընդգծելով, որ իրենք յառաջիկայ մարտահրաւէրները միասին պիտի դիմագրաւեն:
ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ կիներու ազգային խորհուրդի նախագահ Քլոտին Աուն հերքեց այն տեղեկութիւնները, որոնք կ՛անդրադառնան յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն Քեսրուանի շրջանէն իր թեկնածութիւնը առաջադրելուն:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ ինք պատրաստ է մասնակցելու Ազգային երկխօսութեան նիստին, եթէ անիկա գումարուի:


