Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց երկրի ապահովական կառոյցներուն պետերն ու անոնց ընկերակցող պատուիրակութիւնները, որոնք իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնեցին նախագահ Աունին:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն մաղթեց, որ յառաջիկայ տարի ըլլայ սկիզբ մը` սրբագրելու համար երկու տարիէ ի վեր տիրող ցաւալի կացութիւնը, որ իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցաւ քաղաքացիներուն կեանքերուն, անոնց ապրուստին եւ ընկերային ու առողջապահական կայունութեան վրայ:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ պէտք է անպայման դիմադրել այն պատճառներուն, որոնց հետեւանքով տուժեցին լիբանանցիները եւ ստիպուեցան դիմագրաւել տնտեսական, ընկերային, առողջապահական եւ կրթական բազմաթիւ տագնապներ: «Պէտք է հաշուետուութեան կանչել այս տագնապները պատճառած բոլոր պատասխանատուները», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ լիբանանցիներուն դէմ սխալներ գործելու հոլովոյթին պէտք է վերջ մը դնել: «Պիտի շարունակեմ պայքարիլ` սրբագրելու համար ժողովուրդին հաշուոյն գործուած սխալները, ի՛նչ ալ ըլլան մեր դէմ ծառացող խոչընդոտներն ու սահմանադրական հաստատութիւններուն կազմակերպուած արգելքները», յայտնեց նախագահ Աուն:
Նախագահ Աուն դրուատեց զինուորական եւ ապահովական հաստատութիւններուն ու անոնց մէջ գործող զինուորականներուն, աստիճանաւորներուն եւ սպաներուն աշխատանքն ու զոհողութիւնները` շեշտելով Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու կարեւորութիւնը:
Ան խոստացաւ ճիգ չխնայել անոնց օժանդակելու համար:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ վարչութիւնները պէտք է վերադառնան իրենց աշխատանքին եւ յարմար պայմաններ որդեգրեն, որպէսզի առիթ տան պաշտօնեաներուն` կատարելու իրենց աշխատանքը:
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն յայտնեց, որ բանակայիններուն բարոյականին դպչիլը բացարձակապէս արգիլուած է: «Անոնք, որոնց կարգախօսը զոհողութիւնն է` մարտահրաւէրներու դիմաց չեն ընկրկիր», ըսաւ ան:
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցը պիտի մնայ կազմ ու պատրաստ, որպէսզի քաղաքացիական անվտանգութիւն պատճառել միտող կողմերուն ծրագիրները արգիլէ:
Իպրահիմ հաստատեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցը կասկածելի բոլոր ծրագիրներուն դէմ պիտի պայքարի:
Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման կոչ ուղղեց սպաներուն եւ զինուորներուն ամսական աշխատավարձերը բարձրացնելու եւ ամերիկեան տոլարի սակին համապատասխան դարձնելու:
Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա յայտնեց, որ ներկայ պայմանները մահացու են, իսկ հայրենիքին թշնամիները շատ, բայց եւ այնպէս Պետական անվտանգութեան կառոյցը արթուն կը հսկէ երկրին ապահովութեան: