Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ երեկոյեան ուղղուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստ, ուր մաքսատան կողմէ բացայայտուած էր 9 միլիոն «Քեփթակոն» դեղահատ, որոնք զետեղուած էին նարինջներու մէջ եւ իբրեւ նարինջի արտածում պիտի մաքսանենգուէին դէպի Ծոցի երկիրներ:
Մաուլաուի նաւահանգիստէն իր կատարած յայտարարութեան մէջ յայտնեց, որ աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր կ՛աշխատին այս ուղղութեամբ եւ կ՛ուզեն արաբական աշխարհին ցոյց տալ իրենց լրջութիւնը` արաբ եղբայրներէն չարիքը հեռու պահելու առնչութեամբ:




