Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«12 Հոկտեմբերէն Ի Վեր Կառավարութեան Նիստեր Չգումարելը Անոր Աշխատանքը Էապէս Կը Խախտէ, Եւ Ատիկա Կարելի Չէ Անտեսել» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Դեկտեմբեր 29, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ քանի մը օրէն կը փակենք Լիբանանի դիմագրաւած ամէնէն ծանր ու դժուար, ինչպէս նաեւ բարդութիւններով լեցուն տարին:

Ան նշեց, որ ինք չի նպատակադրեր դարձեալ թուել բոլոր այն դժուարութիւնները, որ կը դիմագրաւէ երկիրը` աւելցնելով, որ ճակատագրական այդ տագնապներուն դիմաց «Միասնաբար դէպի փրկութիւն» կառավարութեան ճակատագիրն էր ընդունիլ մարտահրաւէրը եւ կարելի եղածին չափ մեղմացնել տագնապին տարածումը:

Միքաթի հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ դրած են ճշդելու համար փրկութեան ուղիին հիմերը եւ լուծելու համար անմիջական թղթածրարներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով այլ հարցեր զետեղելու համար ճիշդ լուծման ուղիին վրայ:

«Կը գիտակցէի, որ կրակէ գունդ մը պիտի գրկեմ, սակայն այլընտրանք չկար մեր դիմաց, բացի այդ հրդեհը մարելու փորձերէն», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ինք համոզուած է, թէ երբ լիբանանցիներուն ցաւերը ամոքելու կարելիութիւն ստեղծուի, եւ ներքին ու արտաքին ամբողջ ներուժը այդ իմաստով գործէ, ապա կարելի պիտի ըլլայ դուրս գալ այդ փապուղիէն եւ սկսիլ լուծման գործողութեան:

Միքաթի հաստատեց, որ կառավարութեան նիստերու գումարման դադրեցումը` 12 հոկտեմբեր 2021-էն սկսեալ, կառավարութեան գործունէութեան էութեան մէջ խախտում մը կ՛արձանագրէ, եւ կարելի չէ անտեսել զայն:

Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ կառավարութիւնը կը հասկնայ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին հետաքննութեան շարունակութիւնը ու ճշմարտութեան բացայայտումը եւ կոչ կ՛ուղղէ, որ այդ հարցերուն լուծումը կատարուի սահմանադրական եւ օրէնքի շրջագիծին մէջ:

«Կառավարութեան նիստերու կասեցումին հարցը լուծելու առումով առաջին օրէն կ՛աշխատիմ եւ տակաւին կը շարունակեմ հաղորդակցութիւններս, որպէսզի կարելի ըլլայ նախարարաց խորհուրդը դարձեալ նիստի հրաւիրել: Բայց եւ այնպէս կը վարանիմ կառավարութիւնը ժողովի հրաւիրելու, որպէսզի այդ հարցին յաւելեալ բարդացումի դռներ չբանամ», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի նշեց, որ ինք ստորագրած է ներքին գործոց նախարարին կողմէ հրապարակուած` ընտրական խորհուրդները աշխատանքի հրաւիրելու հրամանագիրը, եւ զայն ուղարկած է հանրապետութեան նախագահին:

Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ հիմնական հարցը օրէնքներու եւ կանոններու անտեսումն է, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքներուն նկատմամբ կոյր ձեւանալը: «Մինչդեռ երկրին բոլոր հարցերը կարելի է լուծել անկախ գործող դատական իշխանութիւններուն ընդմէջէն», յայտնեց ան:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ դատական իշխանութիւնները քաղաքական պարանաձգութենէն հեռու պէտք է պահել, ինչպէս նաեւ երաշխաւորել անոնց անկախ գործունէութիւնը` պաշտպանելու համար երկրին հիմերէն կարեւորագոյնը:

«Կը գտնուինք ճակատագրական տարուան մը դիմաց, որուն ընթացքին պէտք է երեսփոխանական ընտրութիւններ ու նախագահական ընտրութիւն կատարենք եւ ճշդենք լիբանանեան ներքին քաղաքական նոր պատկերը: Պէտք է դասեր քաղենք այն տագնապներէն, որոնք տանջեցին մեզ, եւ անցնինք սահմանադրութեան գործադրութեան` կարգաւորելու եւ վերակազմակերպելու համար քաղաքական կեանքը», հաստատեց ան:

Վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղեց որդեգրելու շրջանային տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցելու քաղաքականութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ հայրենիքը պաշտպանել եւ միջազգային ընտանիքին ու արաբական աշխարհին հետ անոր յարաբերութիւնները փրկել: «Պէտք է ներքին լիբանանեան երկխօսութիւն կատարել` համոզուելու արաբական աշխարհին, յատկապէս` Ծոցի երկիրներուն հետ հայրենիքին յարաբերութիւնները ամրապնդուած պահելու կարեւորութեան մասին», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ կառավարութեան ժողովները վերսկսելու առումով, ինչպէս նաեւ պիտի ջանայ վաւերացնել 2022-ի պետական ամավարկը: Իսկ եթէ անդրադառնայ, որ իր հրաժարիլը լուծում է, ապա վայրկեան մը իսկ պիտի չուշանայ հրաժարելէ, իսկ եթէ անդրադառնայ, որ իր հրաժարականը յաւելեալ քանդումի պիտի առաջնորդէ, ապա բնաւ պիտի չհրաժարի: «Սակայն այնքան ատեն որ հայրենիքը բաղկացնող հիմնական շերտ մը կը բացակայի կառավարութենէն, ապա նիստի պիտի չհրաւիրեմ», հաստատեց ան:

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնազրկումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Միքաթի ըսաւ, որ Լիբանան պատերազմի մէջ է, եւ պատերազմի ընթացքին կարելի չէ սպաները փոփոխութեան ենթարկել:

 

Նախորդը

«Պիտի Շարունակեմ Պայքարիլ` Սրբագրելու Համար Ժողովուրդին Հաշուոյն Գործուած Սխալները» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Հաղորդագրութիւնը` Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վերաբերեալ

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?