Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւը Շատ Արագ Կերպով Կը Բարձրանայ. Առողջապահութեան Եւ Ներքին Գործոց Նախարարները Կը Զգուշացնեն

December 30, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատ եւ ներքին գործոց ու քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի, երէկ վարչապետարանին մէջ գումարելէ ետք  «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարելու յատուկ խորհուրդի նիստը, հրաւիրեցին մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին հաստատեցին, որ «Քորոնա» ժահրը շատ արագ կերպով կը տարածուի:

Անոնք զգուշացուցին քաղաքացիները` հաստատելով, որ յառաջիկայ օրերուն միջոցառումները աւելի խիստ պիտի ըլլան:

Ապիատ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին երկիրը ամբողջութեամբ փակելու կարելիութիւնը քննարկուած է, սակայն այդ իմաստով որոշում չէ տրուած:

Իր կարգին, Մաուլաուի յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ կառավարութիւնը կը փափաքին երկրին առողջապահական եւ տնտեսական կացութիւնները հաւասարակշռել` երկրին ամբողջական փակումին առաջքը առնելու համար, «որովհետեւ անիկա երկրին տնտեսական վնասներ կրնայ պատճառել, եւ մենք` իբրեւ կառավարութիւն, կը վստահինք քաղաքացիներուն գիտակցութեան: Կը խնդրենք, որ անոնք օժանդակեն մեզի` մեղմացնելու համար «Քորոնա» ժահրի տարածման թափը», ըսաւ Մաուլաուի:

Ան ընդգծեց, որ նախարարութիւնը տուած է յստակ որոշում մը` գործադրելու համար «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարելու յատուկ խորհուրդին յանձնարարութիւնները, որոնք պիտի խստանան այսօրուընէ մինչեւ 9 յունուար 2022:

Մաուլաուի հաստատեց, որ Նոր տարուան գիշերը նախարարութիւնը պիտի արտօնէ ճաշարանները կիսով լեցնել, ինչպէս նաեւ պիտի պահանջէ «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստուած ըլլալու հաստատագիրը, իսկ պատուաստուած չըլլալու պարագային 48 ժամ առաջ կատարուած «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան մը բացասական արդիւնքը:

Մաուլաուի ընդգծեց, որ այս պայմանները խախտելու պարագային ճաշարանները պիտի դատարկուին տեղւոյն վրայ եւ բոլոր օրինազանցները պիտի տուգանուին ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաւանական նկատեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուողներուն թիւը յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին, յատկապէս Նոր տարիէն ետք բարձրանայ` նախազգուշութիւններուն կառչած չմնալու պատճառով:

Արաժի նշեց, որ «Քորոնա» ժահրի «Օմիքրոն» տարբերակի վտանգը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ շատ արագ կը տարածուի:

Արաժի ընդգծեց, որ դժբախտութիւն է նաեւ այն իրականութիւնը, որ Լիբանանի առողջապահական հաստատութիւնները գրեթէ քանդուած են, եւ երկիրը կը գտնուի շատ դժուար կացութեան մէջ: «Վարակուածներու թիւին բարձրանալուն պարագային Լիբանան ստիպուած պիտի ըլլայ դարձեալ լեղի բաժակէն խմելու», շեշտեց ան:

 

Նախորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ Բացայայտուեցաւ 9 Միլիոն «Քեփթակոն» Դեղահատ

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ստորագրեց Ընտրական Խորհուրդները Աշխատանքի Հրաւիրելու Հրամանագիրը

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.