ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2994 վարակուածներ եւ մահացած 20 ուրիշներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 29.000 լ. ոսկիի սահմանը:
«ՍՓՈՒԹՆԻՔ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Նասեր Մոհամետ Սապահ այս ամսուան ընթացքին Լիբանան պիտի այցելէ:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ապպաս Հաժ Հասան տուաւ հետեւեալ հարցը. «Ո՞վ ըսաւ, որ շիի երկեակը կը խանգարէ կառավարութեան ընթացքը, եւ ինչո՞ւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հարց չի տար կառավարութեան նիստերը խանգարողին մասին»: Հաժ Հասան հաստատեց, որ նախարարութիւնը մօտիկ ապագային պիտի սկսի հնդկական կանեփի ցանքը օրինականացնելու իրաւական գործառնութիւններուն:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու մնայուն ընդհատումը բացառուած է` աւելցնելով, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընդհատումին հիմնական պատճառը մազութ ապահովելու հարցին կապուած է:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ մաղթեց, որ 2022-ը ըլլայ տարի մը, որուն ընթացքին քաղաքական անձնաւորութիւնները կը վերահաստատեն իրենց ազատութիւնն ու անկախութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շրջեցաւ Նապաթիէի պատուաստումի կեդրոնին մէջ եւ կոչ ուղղեց բոլորին պատուաստը ստանալու` պահպանելու համար իրենց առողջութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան իմամ Մուսա Սատըրի ուղեգիծին` յատկապէս ազգային համերաշխութիւնը պաշտպանելու իմաստով:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք Քասեմ Սուլէյմանիի եւ Ապու Մեհտի Մուհանտեսի սպանութեան յիշատակին առիթով Հարեթ Սայտա գիւղաքաղաքին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին յայտնեց, որ իսրայէլեան Քնեսեթը, պաշտպանութեան նախարարութիւնն ու իսրայէլեան ռազմավարական բոլոր կառոյցները թիրախահար հրթիռներու թիրախներ կը նկատուին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը իրանեան օրակարգերու պատանդ մնացած է` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ հրաւիրուած երկխօսութեան նիստը անտեղի է:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա յայտնեց, որ եթէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի լուծումներ չգտնէ` կառավարութեան ժողովները վերստին գումարելու նպատակով, ապա ան պէտք է հեռանայ իր պաշտօնէն:


