Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաքի Մէջ. Պուչիքեան Ստորագրեց Փոխըմբռնումի Համաձայնագիր Մը

January 11, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան Իրաք կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ իրաքցի իր պաշտօնակիցին` Մունհալ Ազիզ Խապպազի եւ առեւտուրի նախարար Ալա Ժապպուրիի հետ:

Խապպազի հետ հանդիպումը աւարտեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիրի ստորագրութեամբ, իսկ Ժապպուրիի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ երկու երկիրներու արդիւնաբերութիւններուն առեւտուրը զարգացնելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ տնտեսական միացեալ համաժողով մը գումարելու կարեւորութիւնը` տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան հետ գործակցաբար:

Զոյգ հանդիպումներուն հաստատուեցաւ Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Նախարար Պուչիքեան այցելեց նաեւ Պաղտատի մէջ կազմակերպուած ճարտարարուեստի մարզի միջազգային ցուցահանդէս:

Պուչիքեան բացումը կատարեց նաեւ լիբանանցի եւ իրաքցի գործարարներու խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ Իրաքի եւ Լիբանանի փոխադարձ կարիքները մղիչ ուժը կը հանդիսանան` ամրապնդելու իրենց տնտեսութիւնը:

«Կոչ կ՛ուղղեմ, որ լիբանանեան-իրաքեան յարաբերութիւնները դառնան ուսանելի օրինակ մը` արաբական երկիրներուն համար, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել Արաբական միացեալ շուկան, որուն շնորհիւ արաբական աշխարհը շրջանային եւ միջազգային մակարդակի վրայ աւելի հզօր դուրս պիտի գայ», ըսաւ ան:

Պուչիքեան աւելցուց, որ Լիբանանի եւ Իրաքի ճարտարարուեստի նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը քայլ մըն է, որ առնուած է ճիշդ ուղիին վրայ, ինչպէս նաեւ հիմնական կը նկատուի երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման իմաստով:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Երկխօսութիւնը Բոլորիս Կը Վերաբերի Եւ Անոր Նպատակը Կուսակցական Կամ Անձնական Շահեր Ապահովել Չէ»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.