Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 10, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 4780 վարակուածներ եւ մահացած 16 ուրիշներ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 30.550 լ. ոսկիի սահմանը:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց, որ երկրին օրինականութիւնը իր ազատ որոշումը ձեռք ձգէ: «Ծանօթ պատճառներով կառավարութեան նիստերուն սառեցումը շարունակելը ոճիր է արդէն», ըսաւ Ռայի պատրիարքը` աւելցնելով, որ եթէ լիբանանեան կարգ մը ուժեր երկրին ճակատագիրը կ՛ուզեն առնչել շրջանային որոշումներու, ապա անոնք դուրս կու գան համախոհութենէն եւ թիրախ կը դարձնեն հայրենիքին միասնականութիւնը: Ռայի պատրիարքը ընդգծեց երեսփոխանական եւ նախագահական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կայացնելու կարեւորութիւնը:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ բանավէճերն ու վարկաբեկիչ խօսքերու փոխանակումը երկիրը իր դիմագրաւած տագնապներէն դուրս չի բերեր:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուիի հրահանգով Ներքին ապահովութեան ուժերը վերացուցին Պատտաուիի կամուրջին վրայ զետեղուած պաստառը, որ կը վարկաբեկէր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան եւ գովքը կը հիւսէր Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը ահաբեկչութիւն որակել կը նշանակէ ժողովուրդին եւ հայրենիքին վրայ յարձակում սանձազերծել:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ ինք համաձայն է կառավարութեան ժողովի հրաւիրուելուն, երբ 2022-ի պետական ամավարկը պատրաստ ըլլայ, նոյնիսկ եթէ շիի երկեակը պիտի շարունակէ մերժել այդ ժողովին իր մասնակցութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզէտտին յայտնեց, որ Հըզպալլա եւ Ամալ շարժումը քաղաքական եւ ընտրական մէկ դաշինքի մէջ կը գտնուին:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա կը հաստատէ, որ բոլոր անոնք, որոնք կը մերժեն երկխօսութիւնը, կը մերժեն երկիրը յուզող թղթածրարներուն հետ պատասխանատուութեամբ վարուիլ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ամբողջ կուսակցութիւնը զօրաշարժի հրաւիրեց` երեսփոխանական ընտրութիւններուն առիթով: «Պայքարը ճակատագրական է` դէպի հայրենիքի փրկութիւն անցում կատարելու», ըսաւ ան:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հաստատեց առանց նախապայմանի կառավարութեան նիստ գումարելուն կարեւորութիւնը: «Պէտք է դուրս գալ արգելակումի քանդիչ մթնոլորտէն եւ սկսիլ աշխատանքի մը, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ սկսիլ բանակցութիւններուն, որոնք խորքին մէջ հիմնական երկխօսութիւնը կը նկատուին», յայտնեց ան:

ՌՈՆԱԼՏ Եունես երէկ ընտրուեցաւ ատամնաբուժներու սենտիքայի նախագահ: Ան մաս կը կազմէր «Մուսթաքիլլուն մունթաֆիտուն» ցանկին:

 

Նախորդը

«Հոգեւոր Ու Ազգային Կեանքի Վերանորոգումը Հրամայական Է» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Իշխանութեան Պետերը, Լիբանանեան Բանակն Ու Քաղաքական Անձնաւորութիւններ Կը Շնորհաւորեն Հայկական Ս. Ծնունդը

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.