Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Պուչիքեանի Հետ Քննարկեց  Անոր Իրաք Կատարած Այցելութեան Արդիւնքները

Նախագահ Աուն Պուչիքեանի Հետ Քննարկեց Անոր Իրաք Կատարած Այցելութեան Արդիւնքները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեանը, որուն հետ քննարկեց անոր Իրաք կատարած այցելութեան արդիւնքները: Հանդիպումին ընթացքին Պուչիքեան նախագահ Աունին ներկայացուց Լիբանանի հետ գործակցելու իրաքցիներուն պատրաստակամութիւնը: Ճ. Պուչիքեան յայտնեց, որ իրաքեան իշխանութիւններուն հետ ստորագրուած է փոխըմբռնումի համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ ճարտարարուեստի մարզին մէջ գործակցութիւնը պիտի աշխուժանայ եւ ամրապնդուի: Նախարար Պուչիքեան աւելցուց...

Մաուլաուի. «15 Հազար Պաշտօնեայ  Կը Պատրաստենք` Երեսփոխանական  Ընտրութիւնները Կազմակերպելու Համար»

Մաուլաուի. «Քեփթակոնի Մաքսանենգման Թղթածրարին Հետ Հըզպալլայի Մեղսակցութեան Ոչ Մէկ Փաստ Կայ»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ պէտք է վստահիլ պետութեան եւ յուսալքումին չյանձնուիլ: Ես ամէն ջանք ի գործ դրած եմ օրինական եւ անհրաժեշտ քայլերուն դիմելու, որպէսզի կարելի ըլլայ առաջքը առնել արաբական քոյր երկիրներուն դէմ ցեխարձակումներուն եւ անոնց վրայ յարձակումներուն: Մաուլաուի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա միշտ զօրակցած է Լիբանանին` աւելցնելով, որ Լիբանանի պարտականութիւնն է...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 6811 վարակուածներ եւ մահացած 15 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը նուազեցաւ 27.800 լ. ոսկիի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղներուն սակը նուազած է 2200 լ. ոսկիով, մազութը` 11.600 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշին սակը`...

Մաուլաուի. «Ընտրական Խորհուրդները Աշխատանքի  Հրաւիրելու Հրամանագիրը Հարց Չունի Եւ Երկրին  Ապահովական Կացութիւնը Շատ Լաւ Է»

Մաուլաուի. «Ընտրական Խորհուրդները Աշխատանքի Հրաւիրելու Հրամանագիրը Հարց Չունի Եւ Երկրին Ապահովական Կացութիւնը Շատ Լաւ Է»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ երէկ ապահովական կառոյցներուն կատարած աշխատանքը: Մաուլաուի ցաւ յայտնեց նախանցեալ գիշեր պատահած ցաւալի դէպքերուն համար` աւելցնելով, որ նման վարուելակերպով` պետական հաստատութիւններ քանդելով կարելի չէ երաշխաւորել քաղաքացիներուն պահանջները: Մաուլաուի հաստատեց, որ երկրին ապահովական կացութիւնը շատ...

Ցասումի Լիբանանեան Տարբերակ Մը, Որ Համազօր Է  Տնտեսական Ահաւոր Տագնապին Նկատմամբ  Արձանագրուած Ժողովրդային Լռութեան

Ցասումի Լիբանանեան Տարբերակ Մը, Որ Համազօր Է Տնտեսական Ահաւոր Տագնապին Նկատմամբ Արձանագրուած Ժողովրդային Լռութեան

Ցամաքային փոխադրութեան մարզին ու Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կազմակերպութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ ճամբաները փակելու հոլովոյթ մը, որ սակայն բնաւ ցասումի օրուան ազդեցութիւնը չունէր: Երէկուան պատահածը ցասումի լիբանանեան տարբերակ մըն էր, որ համազօր էր տնտեսական ահաւոր տագնապին եւ խեղդող սղաճին նկատմամբ արձանագրուած ժողովրդային լռութեան: Ցամաքային փոխադրութեան մարզը առաւօտեան կանուխ ժամերէն փակեց Քարանթինայի մայրուղին` երկու ուղղութեամբ, Ռինկի կամուրջը, Տորայի մայրուղին եւ որոշ ատեն...

Միքաթի Պուչիքեանի Հետ Քննարկեց  Իրաք Կատարած Այցելութեան Արդիւնքները

Միքաթի Պուչիքեանի Հետ Քննարկեց Իրաք Կատարած Այցելութեան Արդիւնքները

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեանը, որուն հետ քննարկեց անոր Իրաք կատարած այցելութեան արդիւնքները: Հանդիպումէն ետք Ճ. Պուչիքեան յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի պահանջած է երկու երկիրներուն նախարարութիւններուն եւ վարչութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը աշխուժացնել` բոլոր մարզերուն պարագային, որպէսզի կարելի ըլլայ երկու շուկաներուն օգտակար հանդիսանալ: Ճ. Պուչիքեան աւելցուց, որ այս մասին նախարարական յանձնախումբի նիստ մը պիտի գումարուի...

Հայաստանի Դեսպանը Հանդիպում Մը  Ունեցաւ Մուրթատայի Հետ

Հայաստանի Դեսպանը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Մուրթատայի Հետ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան հանդիպում մը ունեցաւ մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները` նկատի ունենալով բոլոր կազմակերպութիւններն ու մշակութային բոլոր ոլորտները: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ նաեւ հայ-լիբանանեան երկկողմանի համագործակցութիւնը ամրապնդել` Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ առնչուած հարցերու, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ փոքրամասնութիւններու մշակութային աւանդները պահպանելու միջոցներուն շուրջ:

Լը Տըրիան. «Լիբանանի Օժանդակութեան  Ֆրանսական-Սէուտական-Էմիրաթական Ֆոնտ»

Լը Տըրիան. «Լիբանանի Օժանդակութեան Ֆրանսական-Սէուտական-Էմիրաթական Ֆոնտ»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան Ֆրանսայի Ազգային ժողովի արտաքին հարցերու յանձնախումբին նիստին ընթացքին յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պիտի միանան այն ֆոնտին, որ Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ որոշումով պիտի հաստատուի` օժանդակելու լիբանանցիներուն: Լը Տըրիան նշեց, որ անցեալ դեկտեմբերին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Ծոցի երկիրներ այցելութեան ընթացքին կարելի եղած է Լիբանանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները վերաշխուժացնել,...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով  Վարակուածներու Մեկուսացման Օրերը Նուազեցան

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Մեկուսացման Օրերը Նուազեցան

Առողջապահութեան նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն մեկուսացման օրերը նուազած են 10 օրուան, որմէ ետք վարակուած անհատը իր բնականոն կեանքին կը վերադառնայ առանց «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, թէ խնդրոյ առարկան վերջին 24 ժամուան ընթացքին պէտք չէ ջերմութիւն ունենայ եւ համեմատաբար աւելի լաւ զգայ` մնացեալ ախտանշանները թօթափած ըլլալու իմաստով:...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 7057 վարակուածներ եւ մահացած 13 ուրիշներ: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղներուն սակը սղած է 3000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշին սակը` 14.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի սակն է` 377.800 լ. ոսկի, 98 օքթան...

Պաապտայի Մէջ.   «Երկխօսութիւնը Կը Նկատենք Միակ Միջոցը`  Երկրին Մնացորդացը Փրկելու»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Պաապտայի Մէջ. «Երկխօսութիւնը Կը Նկատենք Միակ Միջոցը` Երկրին Մնացորդացը Փրկելու» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի` լիբանանեան ազգային երկխօսութեան մը կարելիութիւնը քննարկելու նպատակով: Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի Պաապտայէն յայտարարեց, որ անցեալի փորձառութիւնները սորվեցուցած են, որ հարցերու լուծման միակ ուղին երկխօսութիւնն է, ատկէ մեկնած ալ ՀՅԴ-ն եղած է եւ կը շարունակէ մնալ երկխօսութեան հրաւիրողն ու զօրակցողը` ինչ ալ...

Այսօր` Ցասումի Օր. Լիբանանի Մէջ  Դրամատուները, Դպրոցներն Ու  Համալսարանները Կը Մնան Փակ

Այսօր` Ցասումի Օր. Լիբանանի Մէջ Դրամատուները, Դպրոցներն Ու Համալսարանները Կը Մնան Փակ

Ցամաքային փոխադրութեան մարզին ու Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կազմակերպութեամբ այսօր` հինգշաբթի, 13 յունուար 2022-ը յայտարարուած է ցասումի եւ գործադուլի օր, որուն ընթացքին պիտի փակուի ամբողջ երկիրը` առաւօտեան ժամը 5:00-էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00: Ցամաքային փոխադրութեան մարզը յայտարարեց նաեւ, որ պիտի փակուին բոլոր շրջանները Պէյրութէն Լեռնալիբանան, հիւսիս, հարաւ եւ Պեքաա: Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս երէկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր...

Նախագահ Աուն Ընդունեց Համախմբումը,  Ղովմի Կուսակցութիւնն Ու Խորհրդակցական  Հանդիպումը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Համախմբումը, Ղովմի Կուսակցութիւնն Ու Խորհրդակցական Հանդիպումը

Երկխօսութեան Նիստ Կրնայ Չկայանալ Իր ուղղած երկխօսութեան կոչին շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց նախագահական պալատին մէջ հանդիպիլ քաղաքական պլոքներու ներկայացուցիչներուն հետ: Նշենք սակայն, որ Պաապտայի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ հանրապետութեան նախագահը այսօր պիտի յայտարարէ, թէ ինք ազգային երկխօսութեան նիստի պիտի չհրաւիրէ` նկատի ունենալով, որ մեծ թիւով քաղաքական ուժեր մերժած են իրենց մասնակցութիւնը բերել այդ նիստին: Նախագահ...

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Հերքէ Շիա-Պըրրի  Հանդիպումին Ընթացքին Կեդրոնական  Դրամատան Թղթածրարի Արծարծումը

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Հերքէ Շիա-Պըրրի Հանդիպումին Ընթացքին Կեդրոնական Դրամատան Թղթածրարի Արծարծումը

Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը երէկ հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի նախանցեալ օրուան հանդիպումը` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, եղած է առիթ մը քննարկելու խորհրդարանին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ պատասխանատուին Լիբանան այցելութեան, եւ ոչ թէ Կեդրոնական դրամատան վերաբերող հարցեր: ՄԻՒՍ կողմէ, նշենք, որ անծանօթներ Խիամի մէջ հրկիզեցին խորհրդարանի...

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան  Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց  Սուրիական Դեսպանատուն

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սուրիական Դեսպանատուն

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան փոխնախագահ Թարեք Խաթիպի, երէկ այցելեց սուրիական դեսպանատուն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ լիբանանեան-սուրիական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը` ապահովելու համար երկու պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն միացեալ շահերը: Խաթիպ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Դամասկոսի նկատմամբ Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը դրական դարձնելու...

Մաուլաուի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց  Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն  Նախապատրաստութիւնները

Մաուլաուի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Նախապատրաստութիւնները

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Սելին Մուերոյի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան 15 մայիս 2022-ին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները: Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Ընդդիմադիրներու Հաւաք Միւս կողմէ, Մաուլաուի` ակնարկելով Սէուտական Արաբիոյ ընդդիմադիրներուն հանդիպումի կայացումին, յայտնեց, որ օրինական...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 7246 վարակուածներ եւ մահացած 14 ուրիշներ: ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանէն յայտնեց, որ իր պարտականութիւնն է կասեցնել կառավարութեան նիստերուն արգելակումը` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի կառավարութեան նիստերը վերսկսելու համար: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ ցուցմունքներ տուած է վառելանիւթի սակացոյցը ամէնօրեայ դրութեամբ...

Խելայեղ Սղաճը Կը Խեղդէ  Լիբանանցիները, Որոնք Տակաւին Լուռ Են

Խելայեղ Սղաճը Կը Խեղդէ Լիբանանցիները, Որոնք Տակաւին Լուռ Են

Մինչ Ֆրանչիսկոս պապը կ՛աղօթէ Լիբանանի համար եւ կը մաղթէ, որ երկրին մէջ իրագործուելիք բարեկարգումներուն շնորհիւ միջազգային ընտանիքը օժանդակէ Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ պահել իր ազգային ինքնութիւնը, երկրին իշխանաւորներն ու ընդհանրապէս քաղաքական դասը կը շարունակեն մնալ տարակարծիք եւ համաձայնութիւն չգոյացնել, լիբանանեան դրամանիշը կը շարունակէ արժեզրկուիլ եւ մէկ ամերիկեան տոլարը կը վերածուի 33.750 լ. ոսկիի, միւս կողմէ կը ծագի ցորենի եւ հացի...

Երկխօսութեան Հրաւէրին  Շրջագիծին Մէջ.   Նախագահ Աուն Ընդունեց Ռաատը,  Արսլանն Ու Ֆրենժիէն

Երկխօսութեան Հրաւէրին Շրջագիծին Մէջ. Նախագահ Աուն Ընդունեց Ռաատը, Արսլանն Ու Ֆրենժիէն

Իր ուղղած երկխօսութեան կոչին շրջագիծին մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ շարունակեց երեսփոխանական պլոքներու նախագահներուն հետ իր հանդիպումները, զորս անցեալ շաբթուան ընթացքին սկսած էր վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Նախագահ Աուն ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ ինք միշտ պատրաստ է ընդառաջելու նախագահ Աունին, երբ ան հրաւիրէ զինք` աւելցնելով, որ ինք...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 6665 վարակուածներ եւ մահացած 13 ուրիշներ: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց տեղի ունեցող իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Շիա մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել: ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց տնտեսական նիստի մը,...

Page 367 of 988 1 … 366 367 368 … 988

Արխիւներ