Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Երկխօսութիւնը Բոլորիս Կը Վերաբերի Եւ Անոր Նպատակը Կուսակցական Կամ Անձնական Շահեր Ապահովել Չէ»

January 11, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ Սամի Ապի Մունան, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց իր հրաւիրած երկխօսութեան հանդիպումին մասնակցելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ այս երկխօսութիւնը պէտք է կատարուի` շրջանցելով քաղաքական ճղճիմ տարակարծութիւնները: «Քաղաքական հակադրուածութիւնը մեզ պէտք չէ առաջնորդէ էական եւ հիմնական սկզբունքներու շուրջ ազգային հակադրուածութեան: Էական եւ հիմնական սկզբունքներ ըսելով նկատի ունիմ լիբանանեան ինքնութիւնն ու Լիբանանի գոյութիւնը, իսկ ազգային հակադրուածութիւնը կրնայ սպառնալ Լիբանանի միասնականութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց զօրակցիլ նման հանդիպումներու, որովհետեւ երկխօսութիւնը բոլորին կը վերաբերի եւ անոր նպատակը կուսակցական կամ անձնական շահեր ապահովել չէ: «Հայրենիքը բոլորին է, իսկ բարեկարգումն ու բարգաւաճումը եւս բոլորին են: Պէտք է գործակցինք` պաշտպանելու համար մեր հաւաքական կեանքի ապահովութիւնը», շեշտեց հանրապետութեան նախագահը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմը, որ նախագահ Աունին ներկայացուց Իրաք կատարած իր այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Իրաքի իշխանութիւններուն կողմէ Լիբանանի հետ գործակցելու պատրաստակամութիւնը, յատկապէս զինուորական մարզին մէջ:

Սլիմ նախագահ Աունի հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին կարիքները եւ բանակայիններուն դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապին ծանրութիւնը:

Տիւրզի Հոգեւոր Պետը Այցելեց Նաեւ Այն Թինէ

Ապի Մունա այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումէն ետք տիւրզի հոգեւոր պետը շեշտեց, որ Պըրրիի հետ տեսակցութիւնը առիթ մըն էր վերահաստատելու երկկողմանի յարաբերութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկելու լիբանանեան հարցեր` հիմնուելով ազգային միասնականութիւնն ու համակեցութիւնը պահպանելու մեր յանձնառութենէն:

Ապի Մունա յայտնեց, որ իրենք իբրեւ հոգեւոր պետեր կը յորդորեն երկրին մէջ լաւատեսութիւն տարածել, որպէսզի կարելի ըլլայ դրական մթնոլորտի մէջ երկրին տագնապները լուծել:

Ան շեշտեց երկխօսութեան կարեւորութիւնը, փոխըմբռնումի, ինչպէս նաեւ կառավարութեան նիստեր գումարելու անհրաժեշտութիւնը:

«Երկիրը փրկելու իմաստով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խօսքերուն եւ արտայայտութիւններուն նկատմամբ մեր վստահութիւնը մեծ է, եւ կոչ կ՛ուղղենք բոլորին` երկրին գերագոյն շահերուն շուրջ համախմբուելու», հաստատեց ան:

 

Նախորդը

Իրաքի Մէջ. Պուչիքեան Ստորագրեց Փոխըմբռնումի Համաձայնագիր Մը

Յաջորդը

Սիսի Ընդգծեց Եգիպտոսի Ամբողջական Զօրակցութիւնը Լիբանանին

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.