Իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աւիխայ Ատրահի երէկ երեկոյեան շուրջ ժամը 9:00-ին յայտնեց, որ Լիբանանի հետ սահմանին մօտակայքը իսրայէլեան բանակը վառ առած է Հըզպալլային պատկանող անօդաչու թռչող սարք մը:
Ատրահի հաստատեց, որ իսրայէլեան ուժերը իրենց աշխատանքը պիտի շարունակեն` արգիլելու համար Իսրայէլի գերիշխանութիւնը խախտելու որեւէ ոտնձգութիւն: