Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 6, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 30.000 լ. ոսկիի սահմանը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի ապահովութեան ուժերուն պարտականութիւն տուաւ վերացնելու Սէուտական Արաբիան վարկաբեկող այն որմազդներն ու պաստառները, որոնք Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ տեղադրուած են:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սեզար Ապի Խալիլ յայտնեց, որ խորհրդարանի արտակարգ նստաշրջանի մը սկսելու որոշումը հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնն է: «Եթէ նախագահ Աունի հայեցողութեամբ խորհրդարանի արտակարգ նստաշրջանի մը սկսելու կարելիութիւնը ազգային շահեր կ՛ապահովէ, ապա ան պիտի առնէ այդ քայլը», ըսաւ Ապի Խալիլ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Անթուան Հապշի յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը պիտի մերժէ ստորագրել խորհրդարանի արտակարգ նստաշրջանի մը սկսելու պահանջը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Տարուիշ յայտնեց, որ կառավարութեան ժողով գումարելու դուռը մնայուն կերպով բաց պէտք է մնայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիա Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութեան Բ. տարելիցին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իրան միշտ կը զօրակցի Լիբանանին, լիբանանցիներուն եւ Դիմադրութեան: «Մենք մեր խոստումին յանձնառու կը մնանք` Լիբանանին օժանդակելու որեւէ մարզի պարագային: Լիբանանին առաջարկած մեր օժանդակութիւնները առանց նախապայմանի են: Պատրաստ ենք օժանդակելու Լիբանանին` դուրս գալու տնտեսական եւ ընկերային իր դիմագրաւած տագնապէն», շեշտեց Ֆիրուզնիա:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ շրջանին մէջ զարգացումներ եւ հանգուցալուծումներ պիտի չարձանագրուին, եթէ Սէուտական Արաբիա եւ Սուրիա չվերադառնան: Ուահապ հաստատեց, որ երկու երկիրներուն մերձեցումը եւ յարաբերութիւններու վերահաստատումն ու ամրապնդումը պիտի օժանդակեն Լիբանանի կացութեան բարելաւման:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի նախքան 14 փետրուարը պիտի վերադառնայ Լիբանան: Ան հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին Մուսթաքպալ հոսանքին կեցուածքը պիտի յայտարարուի Հարիրիի ներկայութեան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կը պնդէ Լիբանանի եւ արաբներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող վերջին կապը խզել` թիրախ դարձնելով Սէուտական Արաբիան եւ անոր ղեկավարութիւնը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարց տուաւ, թէ արդեօք Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական ընտանիքին դէմ անձնական ցեխարձակումներ կատարելով հարցեր կարելի՞ է լուծել: Ժոմպլաթ նաեւ հետեւեալ հարցումը ուղղեց. «Իրանը ի՞նչ կ՛ուզէ Լիբանանէն»:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի, իր խօսքը ուղղելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային, ըսաւ. «Ան, որուն կուսակցութիւնը սպաննեց Ռաֆիք Հարիրին, չի կրնար Ռիատը ահաբեկչութեան յանցանքով ամբաստանել»:

Նախորդը

Յիսուսի Ծննդեան Տօնը Անորոշութեան Եւ Յուսաբեկութեան Ժամանակներուն Յոյս Ներշնչող Աւետիսն Է

Յաջորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան. «Առանց Երկխօսութեան Քաղաքական Կեանքը Հեզասահ Չ՛ընթանար»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.