Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Ապակեդրոնացեալ Դրութեան Դէմ Մղուած Արշաւին Նպատակն Է Երկրին Քաղաքական Վարչակարգը Շահընկալ Ծրագիրներու Վրայ Կեդրոնացնել»

January 6, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը գումարեց իր ընթացիկ նիստը` համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի նախագահութեամբ:

Համախմբումին նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ համախմբումը պիտի շարունակէ ամէն ջանք ի գործ դնել, որպէսզի երկիրը կարենայ շրջանցել տնտեսական եւ ելեւմտական սուր տագնապը:

Համախմբումը նկատել տուաւ, որ ամերիկեան տոլարի սակին 30 հազար լ. ոսկիի հասնիլը վտանգաւոր է եւ ժողովուրդին տառապանքը աւելիով կը սրէ, «հետեւաբար կառավարութեան աշխատանքը արգելակելու գործելակերպին վերջ պէտք է տալ եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը հաշուետուութեան ենթարկել` նկատի ունենալով լիբանանեան դրամանիշին կայունութիւնը պաշտպանելու անոր պատասխանատուութիւնը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Համախմբումը պատրաստակամութիւն յայտնեց մասնակցելու հանրապետութեան նախագահին հրաւիրած երկխօսութեան նիստին` քննարկելու համար վարչական եւ ելեւմտական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը, պաշտպանութեան ռազմավարութեան մշակման հարցը եւ ելեւմտական իրավիճակի ապաքինման ծրագիրը:

Համախմբումը անհրաժեշտ նկատեց, որ խորհրդարանը աշխուժացնէ իր գործունէութիւնը եւ լիագումար նիստերը աւելի յաճախ գումարէ, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին մէջ օրէնսդիր աշխատանքի թափը արագացնել:

Համախմբումին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ ապակեդրոնացեալ դրութեան դէմ մղուած արշաւին նպատակն է երկրին քաղաքական վարչակարգը շահընկալ ծրագիրներու վրայ կեդրոնացնել` առանց արդիւնաբերութեան դրութեան անցնելու, գիտնալով հանդերձ, որ այս վարչակարգը փաստեց իր ձախողութիւնը եւ երկիրը հասցուց քանդումի:

 

 

Նախորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան. «Առանց Երկխօսութեան Քաղաքական Կեանքը Հեզասահ Չ՛ընթանար»

Յաջորդը

Պաապտայի Մէջ. «Նախագահ Աունի Հետ Համաձայնեցանք Խորհրդարանի Արտակարգ Նստաշրջան Հրաւիրել» Շեշտեց Միքաթի

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.