Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետարանին Մէջ. «Ամերիկեան Պատժամիջոցներով Մտահոգուելու Պատճառ Չկայ» Շեշտեց Շիա

Յունուար 15, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրին վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որ վարչապետին յանձնեց Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան նամակը, որ կը վերաբերի լիբանանեան իշխանութեան կարգ մը մտահոգութիւններուն, որոնք կը վերաբերին Միացեալ Նահանգներու կողմէ դիւրութիւններ տրամադրելու Լիբանանին, որպէսզի ուժանիւթային համաձայնութիւններ գոյացնէ Յորդանանի եւ Եգիպտոսի հետ:

Շիա հաստատեց, որ ամերիկեան պատժամիջոցներով մտահոգուելու պատճառ չկայ` աւելցնելով, որ վարչապետին յանձնուած պաշտօնական այս նամակը մէկ քայլ առաջ կը տանի ուժանիւթի մարզին մէջ արձանագրուելիք զարգացումը, որպէսզի օժանդակենք լուծելու լիբանանցի ժողովուրդին դիմագրաւած տագնապը:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչի տեղակալ Նաժաթ Ռուշտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ այն միջոցները, որոնցմով կարելի պիտի ըլլայ օժանդակել լիբանանցիներուն` թօթափելու իրենց դիմագրաւած տնտեսական տագնապը:

Հանդիպումը եղաւ առիթ մը նաեւ քննարկելու Լիբանանի մէջ գործող ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններուն ու հաստատութիւններուն գործունէութիւնը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց իր մերժումը իւրաքանչիւր հանդիպումի, որ թիրախ կը դարձնէ քոյր ու բարեկամ երկիրները:

Ան հաստատեց, որ այս իմաստով ինք պիտի դիմէ օրէնքին եւ սահմանադրութեան համապատասխանող քայլերու:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ արաբական երկիրներու, յատկապէս Ծոցի երկիրներուն հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդուած պահելու: Ան նկատել տուաւ, որ օրէնքը չ՛արգիլեր շիի հոգեւորական Նըմըր Նըմըրի յիշատակը ոգեկոչել, սակայն Ծոցի երկիրներուն հասցէին վարկաբեկիչ յայտարարութիւնները արգիլուած են:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ իր պարտականութիւնն է պաշտպանել Լիբանանը, բարեկամ երկիրներուն հետ անոր յարաբերութիւններն ու լիբանանցիներուն շահերը, «այդ պատճառով էր, որ մերժողական կեցուածք յայտնեցի, երբ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Սէուտական Արաբիոյ դէմ ցեխարձակում կատարեց», ըսաւ ան:

Միքաթի աւելցուց, որ նման տագնապներու եւ բախումներու մէջ Լիբանանը պէտք չէ ներգրաւել, այլ պէտք է վերադառնալ ինքզինք զերծ կացուցելու քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ յանձնառու մնալ սահմանադրութեան:

ՆՇԵՆՔ, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Պարըշ Ուլուսոյը, որուն հետ հետ քննարկեց փետրուար ամսուան սկիզբը վարչապետ Միքաթիի Թուրքիա այցելութեան մանրամասնութիւնները:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Պուչիքեանի Հետ Քննարկեց Անոր Իրաք Կատարած Այցելութեան Արդիւնքները

Յաջորդը

Էրտողան Խորհուրդներ Տուած Է Հայաստանին

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?