Իսրայէլեան «12» պատկերասփիւռի կայանը նախանցեալ օր հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներ համաձայնութիւն յայտնեցին, որ Իսրայէլ Լիբանանին կազ տրամադրէ, եւ այդ իմաստով կանաչ լոյսը տուած են:
Նոյն հաղորդումին մէջ հաստատուած էր, որ Իսրայէլէն կազը պիտի փոխադրուի Յորդանան եւ ապա Սուրիոյ վրայով պիտի հասնի Լիբանան` աւելցնելով, որ այս քայլը «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցէն զերծ պիտի կացուցուի:
«Ամերիկեան վարչակազմին առած այս քայլը, որուն կը զօրակցի Ռուսիա, կը միտի Լիբանանին տրամադրել իրանեան օժանդակութեան այլընտրանքը», հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանը:
Նշենք, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հերքեց վերոնշեալ լուրերը` ընդգծելով, որ Լիբանան չէ ստորագրած համաձայնագիր մը, ըստ որուն իսրայէլեան կազը Լիբանան պիտի փոխադրուի:
Նախարարութեան տուեալներուն համաձայն, այդ համաձայնագիրը ստորագրուած է Լիբանանի եւ Եգիպտոսի միջեւ եւ կը վերաբերի եգիպտական կազը Լիբանան հասցնելու, իսկ փոխադրութեան հոլովոյթին մէջ եգիպտական կազը պիտի անցնի Յորդանանէն ու Սուրիայէն, ապա պիտի հասնի Լիբանան` հիւսիսային Լիբանանի Տէյր Ամար ելեկտրակայան: